ՀՀ դեսպանը կը նսեմացնէ TRIPP ծրագրին դէմ Ազերպայճանի յարուցած խոչընդոտներուն կարեւորութիւնը

Նարեկ Մկրտչեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան կարեւորութիւն չէ տուած TRIPP ծրագրին դէմ Ազերպայճանի յարուցած խոչընդոտներուն:

Օգոստոս 19-ին «ՍիվիլՆէթ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Մկրտչեան հաստատած է, որ TRIPP-ը «առաջնահերթութիւն» է թէ՛ Ազերպայճանի, թէ՛ ալ ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի համար: Այս առեւտրային ուղին կը խոստանայ Կեդրոնական Ասիան կապել Եւրոպայի՝ Հարաւային Կովկասի ընդմէջէն, շրջանցելով Ռուսաստանն ու Իրանը:

“Մենք կը յառաջանանք, եւ լուրջ խոչընդոտներ չկան”,– ըսած է Մկրտչեան՝ աւելցնելով. “Մօտիկ ապագային մենք պիտի տեսնենք TRIPP ծրագրի գործնական շինարարութեան հոլովոյթը”։

Դեսպանին լաւատեսութիւնը կը հիմնուի ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի անդամ Ապրահամ Համատէի՝ Օգոստոս 18-ին Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հանդիպման վրայ: Մկրտչեան, որ հրաւիրած էր Համատէն եւ կազմակերպած անոր այցելութիւնը, հանդիպումը որակած է «դրական» եւ «արդիւնաւէտ»:

Համատէ, որ նախկին գաղտնի սպասարկութեան սպայ եւ ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի Զինուած ուժերու յանձնախումբի հանրապետական անդամ է, Յունիսին հանդիպած էր նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այդ զրոյցին ընթացքին Պայրամով Համատէին ներկայացուցած էր հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:

Թէեւ կ՚ենթադրուի, որ TRIPP-ը Հայաստանը պիտի կապէ Ազերպայճանին, սակայն ծրագրերը կը բարդանան այն իրողութեամբ, որ երկու աւանդական հակառակորդները ո՛չ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունին, ո՛չ ալ համաձայնած են սահմանագծման շուրջ: Մկրտչեան այս հաւանական առեւտրային ուղին կը դիտարկէ որպէս դարպաս մը՝ դէպի վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր:

“Ազերպայճանի հետ տնտեսական աւելի սերտ կապերը մենք կը նկատենք կարեւոր խթան՝ աւելի կայուն խաղաղութեան համար”,– ընդգծած է ան: