Հայկազեանցիներու փայլուն յաջողութիւնը
Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտները հասած են Հայաստանի «Seaside Startup Summit 2026»-ի կիսաւարտականին
Հայկազեան համալսարանի Համակարգչային գիտութիւններու բաժանմունքի վեց շրջանաւարտներ (2026-ի հունձք), ներկայացնելով Լիբանանն ու իրենց կրթօճախը, յաջողութեամբ հասած են Հայաստանի մէջ կայացած «Seaside Startup Summit 2026» նորարարական փառատօնի կիսաւարտական փուլին:
Յուլիս 26-էն Օգոստոս 1 Սեւանի ափին կայացած այս 10-րդ հաւաքին մասնակցած են շուրջ 2000 գործարարներ, նորարարներ եւ ներդրողներ՝ աւելի քան 50 երկիրներէ: Հայկազեանի շրջանաւարտները, ղեկավարութեամբ բաժանմունքի համակարգող Շանթ Էսթեփանի, մրցած են 250-է աւելի խումբերու դէմ, ներկայացնելով՝ նորաստեղծ (startup) ընկերութիւններու ստեղծման միտող իրենց աւարտաճառի ծրագրերը:
Մէկ շաբաթ տեւած փառատօնի ընթացքին ուսանողները ստացած են մասնագիտական խորհուրդներ, զարգացուցած են իրենց ծրագրերը եւ թանկագին կապեր հաստատած Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի դէմքերու հետ։ Անոնք յատկապէս հանդիպումներ ունեցած են Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեանի եւ «AMD Armenia»-ի տնօրէն Րաֆֆի Գասարճեանի հետ:
Համալսարանը իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնած է Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանին կնոջ՝ Դալար Գազանճեանին, որուն նուիրումին եւ կազմակերպչական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է իրականացնել ուսանողներու այս յաջող մասնակցութիւնը, որ նոր դռներ կը բանայ համալսարանի եւ Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտի ապագայ գործակցութեան համար:
