Կաթողիկոսի պաշտօնանկութեան եւ տեղապահի ընտրութեան հարցը՝ կառավարութեան ծրագիրին մէջ
Հայաստանի նոր կառավարութիւնը իր ծրագիրին մէջ առանձին բաժին յատկացուցած է Եկեղեցիին՝ նշելով, որ «պիտի ապահովուի Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետին հեռացումը (հանգստեան կոչումը), եւ սահմանուած կարգով պիտի կատարուի կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն»։
Կառավարութիւնը մտադիր է այս քայլերուն դիմել՝ «հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրը ապահովելու եւ արտաքին ուժերու կողմէ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին հիպրիտային (խառնածին) պայքարի յենակէտ դարձնելու փորձերը բացառելու» նպատակով։
Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ «ապահովել եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունումը, որով պիտի սահմանուին ելեւմտական թափանցիկութեան եւ հոգեւորականներու բարեվարքութեան ապահովման կառուցակարգեր»։ Միաժամանակ, կառավարութիւնը կը խոստանայ հոգեւոր սպասաւորները ընդգրկել ընկերային երաշխիքներու պետական համակարգին մէջ։
Կաթողիկոսը գահընկէց ընելու վարչապետ Փաշինեանի նպատակակէտը ամրագրուած էր նաեւ իր ղեկավարած կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ, ուր կը խոստանային մինչեւ 2031 թուականը հեռացնել Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։ Մայր Աթոռի դէմ Փաշինեանի արշաւը իր գագաթնակէտին հասաւ յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին։ Քրէական գործեր յարուցուեցան Կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռին սատարող եպիսկոպոսներուն դէմ, իսկ խումբ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ տարբեր մեղադրանքներով բանտարկուեցան։
