«Եկեղեցիները, պետութիւնները եւ քաղաքականութիւնը հայկական սփիւռքին մէջ»
Զեկուցումներու հրաւէր
Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն Միշիկըն-Տիրպոռնի Համալսարան (University of Michigan–Dearborn)
9–11 Ապրիլ 2027
Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները սովորաբար եղած են առաջին կազմակերպութիւններէն, որոնք կառոյցներ հաստատած են նորակազմ հայկական գաղութներու մէջ: Աւելին, այս եկեղեցիները հանդիսացած են հայկական սփիւռքի ամէնէն տեւական հաստատութիւնները՝ գաղթականներու եւ անոնց յաջորդող սերունդներու կեանքին մէջ: Քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու ընթացքին, այս եկեղեցիները հայկական սփիւռքի մէջ գործած են պետութիւն-կրօնք զգալիօրէն տարբեր դրութիւններու ներքեւ, միաժամանակ կապուած մնալով այլ հայկական եկեղեցիներու՝ իրենց համապատասխան անդրազգային ցանցերուն միջոցով: Իրենց հոգեւոր առաքելութիւնը պահպանելու եւ իրենց համայնքներուն ծառայելը շարունակելու համար, այս եկեղեցիները շարունակաբար յարմարած են տեղական հասարակութիւններու քաղաքական համակարգերուն եւ ընկերամշակութային պայմաններուն՝ յարաբերութիւններ զարգացնելով պետական թէ՛ ազգային, եւ թէ՛ տեղական իշխանութիւններուն հետ: Բացի ատկէ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կառավարման մէջ աշխարհականներու մասնակցութեան երկարամեայ աւանդութիւնը յաճախ զայն ներքաշած է քաղաքական վէճերու մէջ այն սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ, որոնց ան կը ծառայէ: Այս քաղաքական մրցակցութիւնները երբեմն ազդած են նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն վրայ:
Այս հոլովոյթները (dynamics) ուսումնասիրելու նպատակով, Միշիկըն-Տիրպոռնի համալսարանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը իր համալսարանին մէջ պիտի հիւրընկալէ բազմագիտակարգային (multidisciplinary) ակադեմական համագումար մը՝ «Եկեղեցիները, պետութիւններն ու քաղաքականութիւնը հայկական սփիւռքի մէջ» խորագրով, 9-էն 11 Ապրիլ 2027-ին:
Այս համագումարը կը նպատակադրէ ուսումնասիրել այն տարբեր իրաւական եւ սահմանադրական շրջանակները, որոնց ներքեւ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները գործած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս՝ քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերուն: Անիկա նաեւ պիտի քննէ սփիւռքահայ հոգեւորականներու եւ եկեղեցական կառոյցներու քաղաքական ներգրաւուածութեան օրինաչափութիւնները, ինչպէս նաեւ այն ուղիները, որոնցմով տարբեր պետութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ այս եկեղեցիները գործիք դարձուցած են քաղաքական նպատակներով:
Փորձառական (empirical) հիմք ունեցող դէպքերու ուսումնասիրութիւններէն բացի, կազմակերպիչները կ’ողջունեն տեսականօրէն հիմնաւորուած եւ համեմատական մօտեցումները: Հաւանական վերլուծական շրջանակները կրնան ներառել (բայց չեն սահմանափակուիր)՝ սփիւռքեան եւ անդրազգային կառավարում. կրօն-պետութիւն վարչակարգեր. իրաւական բազմակարծութիւն եւ համընկնող իշխանութիւններ. հեռահար ազգայնականութիւն. եկեղեցիները որպէս միջնորդներ՝ տեղական բնակչութեան, պետական հաստատութիւններու, անդրազգային համայնքներու եւ միջազգային դերակատարներու միջեւ. եւ սերնդափոխութեան քաղաքական հետեւանքները: Հայկական եւ ոչ-հայկական պարագաները համեմատող ուսումնասիրութիւնները նոյնպէս ընդունելի են:
Զեկուցումներ կ’ակնկալուին պատմութեան, քաղաքագիտութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, կրօնագիտութեան, ընկերաբանութեան, մարդաբանութեան եւ յարակից ոլորտներու գիտնականներէն:
Զեկուցումներու ներկայացման վերջնաժամկէտ՝ 1 Սեպտեմբեր 2026:
Հաճեցէք մինչեւ 300 բառերէ բաղկացած ամփոփագիր մը եւ արդի կենսագրական մը (CV) ղրկել arc-conference2027@umich.edu հասցէին:
Ընդունուած զեկուցումներու ծանուցումը պիտի ղրկուի մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 2026:
Համագումարի հիմնական լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը: Կազմակերպիչները կրնան ընդունիլ բացառապէս զօրաւոր զեկուցումներ հայերէնով կամ ֆրանսերէնով՝ պայմանաւ որ մասնակիցը համագումարէն առաջ ներկայացնէ անգլերէն մանրամասն ամփոփագիր մը կամ անգլերէն ամբողջական թարգմանութիւն մը: Անգլերէն տարբերակը պիտի բաժնուի համագումարի մասնակիցներուն:
Կազմակերպիչները կը քաջալերեն հաստատուած համալսարաններու կամ հետազօտական կեդրոններու մէջ պաշտօնավարող մասնակիցները՝ ճամբորդական ֆինանսաւորում փնտռել իրենց հաստատութիւններէն: Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը պիտի հոգայ միւս հրաւիրեալ մասնակիցներուն ճամբորդական ծախսերը: Արտաքին ֆինանսաւորման հնարաւորութիւն չունեցող դիմորդները ճամբորդական աջակցութեան խնդրանք պէտք է ներկայացնեն համագումարի կազմակերպիչներուն: Հայաստանէն եկող զեկուցողները կրնան դիմել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (Փորթուգալ) Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ տրամադրուող՝ Կարճաժամկէտ Համագումարի եւ Ճամբորդական Կրթաթոշակներուն:
Բոլոր հրաւիրեալ մասնակիցները համագումարի տեւողութեան պիտի ապահովուին կեցութեամբ եւ ուտելիքով։
