Ըստ Զախարովայի՝ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակումով Հայաստան պիտի դառնայ աւելի կախեալ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակումը պիտի յանգեցնէ Հայաստանի՝ այլ պետութիւններէ ուժանիւթային կախուածութեան աճին: Ան շեշտած է, որ հիւլէակայանը, որ կ՚արտադրէ երկրին ելեկտրականութեան շուրջ 30 տոկոսը, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ արդիւնաբերական զարգացման գլխաւոր երաշխիքներէն մէկն է: Զախարովա նաեւ քննադատած է միջազգային որոշ դերակատարներու պնդումները՝ զանոնք որակելով որպէս ռուս-հայկական գործակցութեան մէջ պառակտում մտցնելու միտումնաւոր փորձ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2027-ի աւարտը վերջնապէս յստակացնել նոր հիւլէակայանի կառուցման արհեստագիտութեան հարցը՝ հաւանաբար փոքր մոտիւլային ռէաքթէօրներու կիրարկմամբ, մինչ ներկայ հիւլէակայանի շահագործման ժամկէտը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2036 թուական: Այս զարգացումներուն ենթախորքին վրայ, վերջերս Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ Հայաստանի հինցած հիւլէակայանը տարածաշրջանային սպառնալիք է, եւ իբրեւ այլընտրանք՝ առաջարկած էր ելեկտրականութիւն գնել Ազերպայճանէն:
