ԱՄՆ-ու դատարանը ապօրինի ճանչցած է վիզաներու տրամադրման դադրեցումը
Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանը ապօրինի հռչակած է նախագահ Թրամփի վարչակազմին որոշումը, որով կը դադրեցուէր ներգաղթի վիզաներու տրամադրումը 75 երկիրներու, ներառեալ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Մանհեթընի շրջանային դատաւոր Ճինեթ Վարկաս «բացայայտօրէն ապօրինի» որակած է բացառապէս ազգութեան հիման վրայ վիզաներու մերժումը՝ նշելով, որ Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ գերազանցած է իր լիազօրութիւնները՝ օրէնքին հակառակ միջամտելով հիւպատոսարաններու աշխատանքին:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս տարուան Յունուարին հաստատուած սահմանափակումները արդարացուցած էր այն հիմնաւորումով, թէ այդ պետութիւններու քաղաքացիները հաւանաբար ֆինանսական բեռ դառնան Միացեալ Նահանգներու համար եւ օգտուին ընկերային աջակցութենէն: Որոշումը կը վերաբերէր բացառապէս ներգաղթի վիզաներուն եւ չէր տարածուեր զբօսաշրջային կամ ժամանակաւոր այլ վիզաներու վրայ: Արգելքի ցանկին մէջ, Հայաստանի կողքին, կը գտնուէին նաեւ Ռուսաստանը, Վրաստանը, Ազերպայճանը, Իրանը, Լիբանանը եւ տասնեակներով այլ երկիրներ:
