Հեսսէնի Խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի Հայաստանի վարչապետին

Փաշ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի արժանանայ Գերմանիոյ Հեսսէն երկրամասի Խաղաղութեան այս տարուան մրցանակին: Ըստ Հեսսէնի խորհրդարանի յայտարարութեան՝ այս պարգեւը կը շնորհուի 2018-էն ի վեր անոր իրագործած ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Հայաստանը Եւրոպական Միութեան մերձեցնելուն, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի հետ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն համար:

Խորհրդարանը կ՚ընդգծէ, որ աւանդաբար Ռուսաստանի հետ սերտ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունեցող Հայաստանը այժմ աւելի ու աւելի կը կողմնորոշուի դէպի Եւրոպա, եւ վարչապետը Ազերպայճանի հետ ռազմական մագլցումի փոխարէն կը նախընտրէ դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական բանակցութիւնները: Այս ծիրին մէջ յատկապէս կը յիշատակուի 2025-ի Օգոստոսին ԱՄՆ-ու միջնորդութեամբ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համախոհութիւնը: 25 հազար եւրօ պարգեւով այս հեղինակաւոր մրցանակը, որուն նախկին դափնեկիրներու շարքին են Տալայ Լաման ու Ֆետերիքա Մոկերինին, Փաշինեանին պիտի յանձնուի Սեպտեմբեր 18-ին՝ Վիսպատընի մէջ կայանալիք հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ: