Նուպար Աֆէեանի «Մոտեռնա»-ն աննախադէպ յաջողութիւն կ՚արձանագրէ մորթի քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ

Աֆէեան

Նուպար Աֆէեանի համահիմնադրած «Մոտեռնա» (Moderna) ընկերութիւնը աննախադէպ յաջողութեան հասած է մորթի քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ։ Խօսքը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քաղցկեղի դէմ mRNA պատուաստանիւթի դարմանական փորձարկումներու վերջնական հանգրուանի դրական արդիւնքներուն մասին է:

Շուկան անմիջապէս դրականօրէն արձագանգած է մելանոմայի դէմ «Intismeran» անհատականացուած պատուաստանիւթի փորձարկումներու յաջողութեան, զոր «Մոտեռնա»ն կը մշակէ «Merck» (MSD) ընկերութեան հետ միասնաբար։

Արդարեւ, մէկ օրուան մէջ «Մոտեռնա»-ի բաժնեթուղթերը արձանագրած են գրեթէ 160 տոկոսի թռիչք մը՝ մօտաւորապէս 63 տոլարէն բարձրանալով 163,47 տոլարի։ Ընկերութեան շուկայական արժէքը գերազանցած է 55 միլիառ տոլարը։ Այս զարգացումներուն զուգահեռ, աւելի քան 11 տոկոսի աճ արձանագրած են նաեւ «Merck»-ի բաժնեթուղթերը։