Եւրոփոլի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ Հայաստանի հետ կապի պատասխանատու սպայի գրասենեակը

Europol

Եւրոպական Միութեան իրաւապահ մարմիններու համագործակցութեան գործակալութեան՝ Եւրոփոլի (Europol) մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապի պատասխանատու սպայի գրասենեակը։

Արա Ֆիտանեան, որ շուրջ չորս ամիսէ ի վեր կը վարէ Եւրոփոլի մէջ Հայաստանի կապի սպայի պաշտօնը, պիտի ղեկավարէ նորաբաց գրասենեակին աշխատանքները՝ դիւրացնելու համար Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ եւրոպական իրաւապահ մարմիններուն միջեւ անմիջական համակարգումը։

Նորահաստատ այս գրասենեակը կարեւոր հանգրուան մըն է Հայաստան-Եւրոփոլ յարաբերութիւններուն մէջ։ Անոր հիմնական նպատակն է պայքարիլ անդրազգային կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ, արագացնել հետախուզական տուեալներու ու տեղեկութիւններու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան կառոյցներուն միջեւ հաստատել համակարգուած հաստատութենական կապեր։