Կառավարութեան բեկումնային ծրագիրը
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վաւերացուց 2026-2031 ժամանակաշրջանի կառավարական ծրագիրը՝ 63 թեր եւ 24 դէմ քուէներով։ Նոր ծրագիրը արմատապէս կը շեղի նախորդ՝ 2021-2026 թուականներու հնգամեայ ծրագրի նպատակադրումներէն։ Առաջնահերթութիւնները այլեւս նոյնը չեն։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համար 2026 Յունիս 7-ի ընտրութիւններու արդիւնքը այն յաղթաթուղթն է, որ ազատութիւն կու տայ խզելու 1990-ականներէն ի վեր հաստատուած ազգային գաղափարախօսութեան դրոյթները։ Այն դրոյթները, որոնք կը միտէին հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու եւ արդարութեան վերականգնման, Արցախի անկախութեան ճանաչման, Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման եւ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորման։
Օգոստոս 24-ին, Ազգային ժողովի ամպիոնէն, վարչապետ Փաշինեան վերահաստատեց «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գործառնական հիմնական նպատակ։ Անիկա կը հիմնուի Ալմա-Աթայի մէջ հաստատուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած 29.743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ պետականութիւնը սահմանելու սկզբունքին վրայ, նպատակ ունենալով քաղաքացիներուն ապահովել խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, բարեկեցութիւն եւ տնտեսական զարգացում։
Խաղաղութեան օրակարգի գլխաւոր հանգրուաններէն են Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան դաշնագրի ստորագրումն ու Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը։
Խաղաղութեան օրակարգի իրագործման ամէնէն դժուարին օղակը նոր Սահմանադրութեան ընդունումն է։ Անոր գլխաւոր խնդրայարոյց կէտը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումի ջնջումն է։ Անկախ այն իրողութենէն, թէ կառավարութիւնը՝ խորհրդարանի երկու երրորդի մեծամասնութիւնը չունենալով՝ որքանո՞վ պիտի յաջողի քուէարկել զայն, այս նոր Սահմանադրութիւնը համայն հայութիւնը կը դնէ նոր իրադրութեան մը դէմ-յանդիման, որուն ան նախապատրաստուած չէ։ Ասիկա յատկապէս ճիշդ է աւանդական Սփիւռքի եւ արցախցիներուն պարագային, որոնց ինքնութիւնը դրոշմուած է Ցեղասպանութեան յիշողութեամբ եւ բռնի տեղահանութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ նախատեսուած հաղորդակցութեան ուղիներու TRIPP ծրագիրը՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու կարեւոր քայլերէն մէկը ըլլալով հանդերձ, կոչուած է նաեւ խթանելու տնտեսական զարգացումը՝ Հայաստանի երկաթուղիները կապելով միջազգային ցանցին։ Ճիշդ այս կէտին վրայ է, որ լուրջ խնդիր կը ծագի. Հայաստանի երկաթուղիներու կառավարումը պետական համաձայնագրով յանձնուած ըլլալով Ռուսաստանին, իսկ վերջինս ալ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն ենթակայ ըլլալով, միջազգային ներդրողներու համար կը ստեղծուի անկարելի իրավիճակ մը։ Ահաւասիկ այն դժուարին թղթածրարներէն մէկը, որ դէմ-յանդիման կը դնէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պետական շահերը։
Շեշտակի փոփոխութեան ենթարկուած են նաեւ արտաքին յարաբերութիւնները. նոր հնգամեայ ծրագրին մէջ Ռուսաստան այլեւս չի նշուիր իբրեւ ռազմավարական դաշնակից։ Ան կը կորսնցնէ իր առաջնակարգ դիրքը՝ ի նպաստ Հայաստանի չորս դրացի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ու, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Չինաստանի հետ ռազմավարական գործակցութեան։ Ընթացիկ հնգամեայ ծրագիրը նպատակադրած է խաղաղութեան հաստատումը՝ հիմնուած «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան վրայ։
Խաղաղութեան օրակարգին զուգահեռ, կառավարութիւնը երկրին ներսը կը շարունակէ հետապնդել ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացումը, արդարադատութեան հաստատումն ու ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագրաւումը։
Այս ուղղութեամբ առնուած գործնական քայլերը արդէն իսկ տեսանելի են նախկին նախագահներուն դէմ վերջերս սկսած քրէական հետապնդումներով, ինչպէս նաեւ երկրի մեծագոյն օլիկարխներուն՝ Սամուէլ Կարապետեանի ու Գագիկ Ծառուկեանի դէմ յարուցուած դատավարութիւններով։ Այս ծիրին մէջ, արդարադատական համակարգի բարեփոխումը կը մնայ կառավարութեան առաջնահերթ աշխատանքներէն մէկը, քանզի չի կրնար գոյութիւն ունենալ խաղաղութիւն առանց իրաւական պետութեան եւ ընկերային արդարութեան։
Ժ.Չ. ■
