Փութին Պիշքէքի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Փաշինեանի հետ

Փաշինեան-Փութին

Ռուսաստանի նախագահը Սեպտեմբեր 1-ին Պիշքէքի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետին հետ՝ քննարկելու Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումները

Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 1-ին Քիրկիզստանի մայրաքաղաք Պիշքէքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Վլատիմիր Փութինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը։ Գլխաւոր օրակարգը պիտի ըլլայ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացը, որուն մեկնարկին մասին ՀՀ վարչապետը յայտարարած էր այս շաբաթասկիզբին:

Ըստ Ուշաքովի, Ռուսաստան կը պնդէ, որ Հայաստան չի կրնար միաժամանակ Եւրոպական Միութեան ձգտիլ եւ հսկայական տնտեսական օգուտներ քաղել Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ)։ Մոսկուա կը պահանջէ հանրաքուէով յստակ ընտրութիւն կատարել այս երկուքին միջեւ:

Ռուս պաշտօնատարը նաեւ նշած է Քրեմլինի խոր մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ «ռուսամէտ ընդդիմադիր ղեկավարներու զանգուածային ձերբակալութիւններ»-ուն առնչութեամբ՝ աւելցնելով, որ այս լարուած իրավիճակը նոյնպէս անպայման պիտի արծարծուի երկու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին։

Աւելցնենք, որ Սեպտեմբեր 1-ին Պիշքէքի մէջ նախատեսուած է Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ/SCO) վեհաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն ու Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւը։