Լաւրով. «Հայաստան զարգացաւ շնորհիւ ԵԱՏՄ-ին»
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հանրաքուէն պէտք է կայանայ միայն պաշտօնական դիմում ներկայացնելէ եւ ճանապարհային քարտէս ունենալէ ետք։ Ռուսական «ՌՊՔ» (РБК) ալիքին տուած հարցազրոյցին՝ Լաւրով նշած է, որ ասիկա ցոյց կու տայ Փաշինեանի «ոչ այնքան մեծ վստահութիւնը» իր իսկ ժողովուրդին նկատմամբ:
Լաւրով ընդգծած է, որ ժողովուրդին պէտք է ազնիւ ընտրութեան հնարաւորութիւն տրուի՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը վերջին տարիներուն հսկայական աճ արձանագրած է (առեւտրական շրջանառութիւնը հասցնելով տարեկան 12 միլիառի) բացառապէս Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շնորհիւ։
Յիշեցնենք, որ ԵԱՏՄ-ի ղեկավարները Մայիսին որոշում կայացուցած էին՝ մինչեւ Դեկտեմբեր պայմանաժամ տալով Հայաստանին իր աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումը յստակացնելու համար, մինչ Փաշինեան վերջերս վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմումի գործընթացը սկսելու Երեւանի մտադրութիւնը:
