Զախարովայի խիստ արտայայտութիւնները Փաշինեանին

Զախարովա-Փաշ

«Կրնաք դադրիլ Ձեր ժողովուրդը խաբելէ. հաւաքեցէք Ձեր քաջութիւնը եւ գոնէ մէկ անգամ ճշմարտութիւնը ըսէք»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ կոպիտ կերպով արձագանգած է վարչապետ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, ուր վերջինս արդարացուցած էր նոր կառավարութեան ծրագրէն Ռուսաստանի հետ «ռազմավարական դաշինք» եզրոյթի հեռացումը՝ պատճառաբանելով 2022-ի Սեպտեմբերին ՀԱՊԿ-ի անգործութիւնը:

Զախարովա, խիստ ոճով դիմելով Փաշինեանին, գրած է. «Նիկոլ Վովայի, Ձեր երկրին մէջ ընտրութիւնները աւարտած են։ Կրնաք դադրիլ խաբելէ: Հաւաքեցէք Ձեր քաջութիւնը եւ գոնէ մէկ անգամ ճշմարտութիւնը ըսէք այնպէս, ինչպէս իրականութեան մէջ էր»:

Ռուս պաշտօնատարը յիշեցուցած է, որ 2022 Սեպտեմբերին ՀԱՊԿ-ն անմիջապէս արձագանգած է եւ գնահատման առաքելութիւն ուղարկած Հայաստան: Զախարովա աւելցուցած է, որ 2022 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին որոշումի նախագիծը, որ կը նախատեսէր ռազմական, քաղաքական եւ սահմանապահական աջակցութիւն Հայաստանին, արդէն պատրաստ էր, սակայն Փաշինեան անձա՛մբ հրաժարած էր զայն ստորագրելէ:

Զախարովա յիշեցուցած է նաեւ 2022 Հոկտեմբեր 6-ի Փրակայի հռչակագիրը, ուր Փաշինեան անձամբ, Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ, ճանչցած էր Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը՝ 86.600 քառակուսի քիլոմեթրով, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը:

«Երբ Ձեզի անյարմար հարցումներ կը յղեն, դադրեցէ՛ք պատասխանատւութիւնը բարդելէ բոլոր անոնց՝ Մոսկուայի, ՀԱՊԿ-ի, Ազերպայճանի, Հայաստանի նախկին ղեկավարութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ղարաբաղցիներուն ու անոնց երեխաներուն վրայ, զորս անձնապէս չէք սիրեր։ Ասիկա անբարոյականութիւն է: Բոլորը մեղաւոր են Ձեզի համար, բացի Ձեզմէ»,– եզրափակած է Զախարովան՝ զգուշացնելով, որ եթէ Երեւան փորձէ նոր բողոքագիր յղել, ստիպուած պիտի ըլլայ ապացուցելու այս պատմական փաստերուն «սխալ» ըլլալը։