Ռոբերտ Քոչարեան երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան Օգոստոս 27-ին, դատարանի որոշումով երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է։ Ինչպէս կը հաղորդեն հայաստանեան լրասփիւռները, Գլխաւոր դատախազութիւնը անոր դէմ քրէական հետապնդում յարուցած է՝ պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, մեծ չափով կաշառք ստանալու եւ գումարներու լուացման յօդուածներով։
Ըստ Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) կոմիտէին, տուեալներ ստացուած են, որ Քոչարեան իր պաշտօնավարման տարիներուն չարաշահած է իր դիրքը՝ շուկայականէն էականօրէն ցած գիներով պետական արժէքաւոր գոյքեր եւ ընկերութիւններու բաժնեմասեր ձեռք բերելու համար։ Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 25-ին Ռոբերտ Քոչարեանն ու անոր որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը, ձերբակալուած էին, որմէ ետք Հակակոռուպցիոն դատարանը ամբողջութեամբ ընդառաջած է քննիչին դիմումին՝ որպէս խափանման միջոց սահմանելով երկամսեայ բանտարկութիւնը։
