Երեւան–Մոսկուա. ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շուրջ լարումը կը խորանայ
« Հայաստան մտադրութիւն չունի վերադառնալու ՀԱՊԿ»
Հայաստան կը վերահաստատէ Ռուսաստանի գլխաւորած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) աշխատանքներուն չմասնակցելու իր որոշումը, մինչ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ նոր տարակարծութիւններ ծագած են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) առնչութեամբ։
Հոկտեմբեր 28-ին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան լրագրողներուն յայտարարած է, թէ Հայաստան մտադրութիւն չունի վերադառնալու ՀԱՊԿ։ “Մենք շատոնց դադրեցուցած ենք մեր մասնակցութիւնը այդ կառոյցին աշխատանքներուն եւ առկախած՝ մեր անդամակցութիւնը”,– ըսած է ան՝ շեշտելով, որ Երեւան իր դիրքորոշումը փոխելու պատճառ չի տեսներ։
Այս յայտարարութիւնը կը յաջորդէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպէք Մասատիքովի խօսքերուն, ըստ որոնց՝ Հայաստանի անդամակցութեան հարցը կրնայ քննարկուիլ Նոյեմբեր 11-ին, Մոսկուայի մէջ նախատեսուած կազմակերպութեան վեհաժողովին։
Հայաստան 2024-էն ի վեր առկախած է իր մասնակցութիւնը ռազմական դաշինքին՝ դժգոհելով, որ անդամ երկիրները իրեն օգնութեան չեն հասած 2021 եւ 2022 թուականներու ազերպայճանական յարձակումներուն ընթացքին։ Երեւան նաեւ դադրած է անդամավճար վճարելէ, սակայն պաշտօնապէս չէ ներկայացուցած կազմակերպութենը լքելու դիմում։
Մինչ այդ, նոր վէճ մը ծագած է ԵԱՏՄ-ի շուրջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «հապճեպ եւ նոյնիսկ յարձակողական» որակած է Հայաստանի իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը՝ Միութեան անդամ միւս չորս երկիրներուն պատրաստած տեղեկագրին։
Փաստաթուղթը կ՚անդրադառնայ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հաւանական առկախման հետեւանքներուն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զայն որակած էր Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ապակայունացնելու փորձ մը, որ ըստ անոր՝ կը միտի երկիրը զրկել իր անկախութենէն։
Զախարովա մերժած է այս մեղադրանքները՝ Երեւանին վերագրելով Մոսկուայի դէմ անհիմն ամբաստանութիւններ եւ հարց տալով, թէ ի վերջոյ ո՛ր ուղղութեամբ կը ձգտի ընթանալ երկիրը։
Իր կարգին, Միրզոյեան յայտարարած է, թէ ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ Հայաստան որեւէ պարտաւորութիւն չէ խախտած եւ անդամակցութիւնը առկախելու իրաւական հիմնաւորումներ որոնելու փորձերուն ետին քաղաքական շարժառիթներ կը տեսնէ։
