Շանկհայէն՝ Երեւան. հայ վիրաբոյժ մը հեռակայ դրութեամբ կը վիրահատէ երկու հիւանդներ
Հիւանդները կը գտնուէին Երեւանի «ՍլաւՄետ» բժշկական կեդրոնին մէջ, իսկ վիրաբոյժը Շանկհայէն կը ղեկավարէր վիրաբուժական ռոպոթ մը։ Աւելի քան 6800 քիլոմեթր հեռաւորութենէն, բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան յաջողութեամբ իրագործեց որովայնի ճողուածքի (hernie) երկու վիրահատութիւն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, բժշկական կեդրոնին կողմէ որպէս Հայաստանի համար առաջին միջմայրցամաքային հեռավիրաբուժութիւն ներկայացուած այս գործողութիւնները պսակուած են լիակատար յաջողութեամբ։
«ՍլաւՄետ»-ի ռոպոթային վիրաբուժութեան եւ ներդիտման (endoscopie) բաժանմունքի պատասխանատու բժիշկը գործիքները կը կառավարէր «MicroPort MedBot» ընկերութեան չինական կեդրոնատեղիէն, որ կ՚արտադրէ «Toumai» վիրաբուժական ռոպոթը։ Անոր հրահանգները մինչեւ Երեւանի վիրահատարան կը փոխանցուէին օփթիկական մանրաթելային (fibre optique) կապի միջոցով, որուն կտրած ճամբան կը հասնէր շուրջ 9000 քիլոմեթրի։
Հեռաւորութիւնը, սակայն, չէր նշանակեր, թէ հիւանդներուն կողքին բժշկական անձնակազմ չկար։ Երեւանի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած էր վիրաբուժական եւ արհեստագիտական յատուկ խումբ մը՝ պատրաստ անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս միջամտելու տեղւոյն վրայ։ Վիրահատութիւններուն նախորդած էին շարք մը նախնական փորձարկումներ, իսկ ցանցի հնարաւոր խափանման պարագային նախատեսուած էին պահեստային հաղորդակցութեան ուղիներ։
Այս փորձառութիւնը կ՚իրականանայ «ՍլաւՄետ»-ի մէջ 2025 Դեկտեմբեր 19-ին կատարուած առաջին ռոպոթային վիրահատութիւններէն հազիւ մէկ տարի ետք։ Այնուհետեւ, տարւոյս Յուլիս 10-ին, կեդրոնը հիւրընկալած էր պելճիքացի փրոֆէսէօր Ալեքսանտր Մոթրիի հեռակայ մէկ միջամտութիւնը, որ Երեւանի մէջ գտնուող հիւանդը վիրահատած էր աւելի քան 3300 քիլոմեթր հեռաւորութենէն։ Այս անգամ սակայն, ղեկը կը գտնուէր այլ մայրցամաքի մէջ հաստատուած հայ վիրաբոյժի մը ձեռքերուն մէջ։
Արհեստագիտական այս բացառիկ նուաճումէն անդին, հեռավիրաբուժութիւնը լայն հեռանկարներ կը բանայ մասնագէտներու միջամտութիւնը ապահովելու համար՝ առանց անոնց պարտադրելու երկար ճամբորդութիւններ։ Ասոր զարգացումը, այսուհանդերձ, կը պահանջէ համապատասխան ենթակառոյց եւ սերտ համակարգում խումբերուն միջեւ. թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Շանկհայի մէջ, մարդկային բարձր մակարդակի պատրաստութիւնը ընկերակցած է հեռակայ այս վիրահատութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին։
