120 միլիոն եւրոյի հսկայական ներդրում՝ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար

Զբօսաշրջութիւն


Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան գործակցութեամբ կեանքի պիտի կոչուի Զբօսաշրջութեան եւ մարզային ենթակառոյցներու բարելաւման (TRIP) լայնածաւալ ծրագիրը, որուն նպատակն է արդիականացնել երկրի ենթակառոյցներն ու աննախադէպ զարկ տալ զբօսաշրջութեան։ Ծրագիրը կը նախատեսէ 120 միլիոն եւրոյի մեծածաւալ ներդրում մը, որ ուղղակի պիտի յատկացուի Գորիսի, Արենիի, Ջերմուկի, Եղեգիսի, Դուինի, Գիւմրիի եւ Դիլիջանի զբօսաշրջային կեդրոններու բարգաւաճման։ Այս ռազմավարական նախաձեռնութեան շնորհիւ յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանանան գինեգործական, առողջարանային, արկածային, մշակութային, կրթական եւ բնապահական զբօսաշրջութեան ճիւղերը, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի միջազգային զբօսաշրջային գրաւչութեան բարձրացման եւ մարզերու տնտեսական մրցունակութեան աճին։