Վարդգէս Սուրէնեանցի «Լքեալը» կտաւի պատմական ցուցադրութիւնը Հայաստանի մէջ
Վարդգէս Սուրէնեանցի 130-ամեայ «Լքեալը» (1894) գլուխգործոցը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի Հայաստանի մէջ՝ Ղազախստանի «Քասթէեւ» արուեստի ազգային թանգարանէն բացառիկ փոխառութեամբ։
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած «Մարդկութեան դէմքը» խորագրով ցուցահանդէսի ծիրէն ներս (2027 Սեպտեմբեր 16-էն մինչեւ Փետրուար 17), առաջին անգամ մէկ յարկի տակ կը միաւորուի Համիտեան ջարդերուն նուիրուած Սուրէնեանցի եռապատումը՝ «Լքեալը», «Ոտնահարուած սրբութիւն» (1895) եւ «Ջարդէն ետք» (1898) կտաւները։
Այս բացառիկ ցուցադրութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ Փանոս Թերլէմէզեանի, Մարիամ Ասլամազեանի եւ հայ այլ նշանաւոր նկարիչներու գործերը, միաժամանակ կարեւոր կամուրջ մը կը հանդիսանայ հայ-ղազախական մշակութային կապերու զարգացման համար։
