Ծանր կորուստ հայ քաղաքագիտական մտքին

Ռիչարտ

Կեանքէն Հեռացաւ անուանի վերլուծաբան Ռիչարտ Կիրակոսեան

Հայ քաղաքագիտական եւ վերլուծական համայնքը ծանր կորուստ մը կրեց։ Սեպտեմբեր 19-ին, 61 տարեկանին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ծանօթ քաղաքական վերլուծաբան եւ Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի (RSC) հիմնադիր տնօրէն Ռիչարտ Կիրակոսեան։

Ան աշխատանքային հանդիպումներու նպատակով մեկնած էր Պոլիս, ուր անոր ինքնազգացողութիւնը կտրուկ վատթարացած է։ Բժշկական անյապաղ քննութիւններով ախտորոշուած է ուղեղային արիւնազեղում։ Հակառակ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ բժիշկներու օրերով գործադրած ճիգերուն՝ կարելի չէ եղած փրկել անուանի վերլուծաբանը եւ ան կեանքէն հեռացած է Սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան։

Ռիչարտ Կիրակոսեան ծնած էր 1965-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգին մէջ։ Ունենալով աւելի քան 35 տարուան հարուստ փորձառութիւն անվտանգութեան, միջազգային յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանային հարցերու վերլուծութեան ոլորտէն ներս՝ ան 2006-ին մնայուն բնակութիւն հաստատած էր Հայաստանի մէջ։

Որպէս բարձրակարգ փորձագէտ եւ խորհրդատու՝ Կիրակոսեան երկար տարիներ սերտօրէն համագործակցած է միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու հետ, որոնց շարքին են՝ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսն ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Եւրոպական Միութիւնն ու ԵԱՀԿ-ն։ Անոր վերլուծական խորքային մօտեցումներն ու դիտարկումները մշտապէս մեծ կշիռ ունեցած են տարածաշրջանային քաղաքականութեան մեկնաբանման ու հայկական շահերու արժեւորման գործընթացին մէջ։

Նախատեսուած է հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը կատարել Հայաստանի մէջ, որուն ան նուիրած էր իր գործունէութեան ամէնէն արգասաբեր եւ ազդեցիկ ժամանակաշրջանը։