Պաքուն հիմա ալ հայկական կողմը կը մեղադրէ Դադիվանքէն մշակութային արժէքներ «գողնալու» յանցանքով
Գանձասարն ու Դադիվանքը Կովկասեան Աղուանքի ժառանգութիւն հռչակող Պաքուն այժմ հայկական կողմը կը մեղադրէ Դադիվանքէն որմնանկարներ, խաչքարեր եւ այլ մշակութային արժէքներ Հայաստան տեղափոխելու յանցանքով։
Ազերպայճանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման պետական ծառայութեան ղեկավար Սապինա Հաճիեւայի համաձայն՝ 2020-ի պատերազմէն ետք հայկական ուժերու նահանջի ատեն վանքէն Հայաստան փոխադրուած են զանգեր, խաչեր եւ որմնանկարներ։ Ան նշած է, որ այս տուեալները 2025-ի Հոկտեմբերին փոխանցուած են Ինթերփոլին՝ ընդգրկուելով «գողցուած արուեստի գործեր»-ու ցանկին մէջ։ Հաճիեւա նաեւ կը պնդէ, թէ 1997-2014 թուականներուն Հայաստանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջոցներով կատարուած վերանորոգումները աղաւաղած են վանքին «նախնական տեսքը»։
Այս յայտարարութիւնները կը յաջորդեն Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ օտարերկրեայ դիւանագէտներու Գանձասար եւ Դադիվանք կատարած այցելութեան, ուր ան այս միջնադարեան կոթողները ներկայացուցած էր իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անիմաստ կը նկատէ Պաքուին ապացուցել Գանձասարի հայկականութիւնը՝ ընդգծելով, որ Մատենադարանը արդէն տուած է սպառիչ պատասխան։ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան հաստատած է, որ հնագոյն ձեռագրերը աներկբայօրէն կը փաստեն վանքին հայկական ծագումը։ Միւս կողմէ, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան խուսափած է Հաճիեւի պնդումներուն կոշտ քաղաքական գնահատական տալէ՝ զգուշանալով վնասելէ խաղաղութեան գործընթացին։
Այս զարգացումներուն զուգահեռ, Մայր Աթոռն ու մշակութային փորձագէտները կը շարունակեն ահազանգել 2020-էն եւ յատկապէս Արցախի հայաթափումէն ի վեր հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման ու աղուանականացման շարունակուող քաղաքականութեան մասին։
