Վարչապետ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Նիւ Եորք

Փաշ-օդանաւ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 22-էն 25 աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ։ Նիւ Եորքի մէջ ան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին եւ ելոյթ պիտի ունենայ բարձր մակարդակի քննարկումներուն ընթացքին։

Կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ այցելութեան ծիրէն ներս Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի եւ օտարերկրեայ այլ պաշտօնակիցներու հետ։ Առայժմ չէ յստակացուած, թէ յաւելեալ ի՛նչ հանդիպումներ նախատեսուած են օրակարգի վրայ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախապէս յայտնած էր, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակին մէջ կը նախատեսուի իր հանդիպումը իր ազերի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ նշելով, որ հանդիպումը կախեալ է կողմերու ժամանակացոյցերէն եւ տակաւին վերջնական համաձայնուութիւն չէ գոյացած։

Յիշեցնենք, որ Միրզոյեանն ու Պայրամովը վերջին անգամ հանդիպում ունեցած էին Սեպտեմբերի սկիզբը՝ Պիշքէքի մէջ կայացած Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին։