Ֆիտան. «Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն կ՚աջակցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման»

Ֆիտան

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Նիւ Եորքի մէջ կայացած «Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները՝ 100-ամեակի սեմին» խորագրով քննարկման ընթացքին, յայտարարած է, որ Անգարան եւ Ուաշինկթընը կը համադրեն իրենց քայլերը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ միասնաբար կ՚աջակցին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։

Անդրադառնալով երկկողմանի կապերուն՝ նախարարը նշած է, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները նոր թափ ստացած են նախագահներ Էրտողանի եւ Թրամփի գործակցութեան շնորհիւ։ Այժմ գլխաւոր նպատակներէն է երկկողմ առեւտրական շրջանառութիւնը ներկայի 40 միլիառէն հասցնել 100 միլիառ տոլարի՝ վերցնելով մաքսատուրքերն ու սահմանափակումները։ Այս ծիրէն ներս Թուրքիան կարեւոր կը նկատէ նաեւ պաշտպանական ոլորտի արգելքներու, յատկապէս CAATSA-ի պատժամիջոցներուն եւ F-35 հալածիչներու ծրագրին վերաբերող թղթածրարներու արագ լուծումը։

Ինչ կը վերաբերի միջազգային օրակարգին, Ֆիտան վերահաստատած է Անգարայի աջակցութիւնը Ուքրաինայի հողային ամբողջականութեան՝ շեշտելով Սեւ ծովու մէջ լարումը նուազեցնելու եւ Մոսկուայի ու Քիեւի հետ կապի ուղիները բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի պարագային, ան ակնկալած է, որ Ուաշինկթըն աւելի մեծ ճնշում պիտի բանեցնէ Իսրայէլի վրայ՝ Կազայի ճգնաժամին վերջ դնելու համար, միաժամանակ ողջունելով նախագահ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր պայմանաւորուածութիւնները։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Ֆիտան ընդգծած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու երկրորդ հարիւրամեակին իրենց գլխաւոր նպատակն է թուրք-ամերիկեան գործընկերութիւնը ծառայեցնել համաշխարհային խաղաղութեան՝ հիմնուելով ոչ թէ գերիշխանութեան, այլ հաւասար գործակցութեան սկզբունքին վրայ։