Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերուն եւ անկարգութիւններուն հետեւանքով 2 հայ զոհ կայ

Սինանեան-2

 Այս մասին յայտնած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։

“Մէկ զոհ կար հաստատուած, երկրորդ զոհն ալ այնպէս կը թուի, թէ հաստատուած է։ Կը խօսուի աւելի մեծ թիւերու մասին, բայց յստակ որեւէ տեղեկութիւն չունինք”,– ըսած է ան։

Սինանեան նշած է նաեւ, որ Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանատան հետ կապը ընդհատուած է, տեղեկութիւններ կը ստանան միայն Իրանէն թռիչքներով ժամանող անձերու միջոցաւ։