«Թեհրան կը սկսի մտածել, որ Հայաստանը կը դառնայ Իրանի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած ուժերու գործունէութեան կեդրոն»

Այս մասին Յունուար 14-ին, ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին։

“Որոշ մարդիկ հնարաւորութիւն ունին գալու Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ եւ անյարգալից ու վիրաւորական յայտարարութիւններ ընելու։ Վեց օրէ ի վեր անընդմէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ ժամը 18-էն մինչեւ 21 կը հնչեն անյարգալից եւ վիրաւորական յայտարարութիւններ եւ հակառակ մեր բողոքներուն՝ այս գործընթացը կը շարունակուի։

…Այսօր մենք յայտնուած ենք դժուարին իրավիճակի մէջ, եւ ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ, պիտի մնայ իրանցի ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ”,– ըսած է Շիրղոլամին։

“Եթէ Իրանի մէջ որեւէ յաջողութեան հասնին, Հայաստանը պարտուողներու շարքին պիտի ըլլայ։ Թեհրանի մէջ կը ձեւաւորուի պատկերացում մը, որ Հայաստանը կը դառնայ կեդրոն՝ Իրանի դէմ թշնամաբար տրամադրուած ուժերու գործողութիւններուն համար”,– եզրակացուցած է դեսպանը։

Դեսպանը՝ TRIPP-ի վերաբերեալ Հայաստան-ԱՄՆ վերջին յայտարարութեան մասին

Նոյն ասուլիսին, դեսպանը անդրադարձած է նաեւ TRIPP-ի վերաբերեալ Հայաստան-ԱՄՆ վերջին յայտարարութեան։

“Իրանը կը վստահի Հայաստանին, չի վստահիր Ամերիկային”,– ըսած է դեսպանը։

“Մենք հայ գործընկերներուն ըսած ենք, որ ձեզի կը վստահինք։ Բայց մենք գործ ունինք Ամերիկայի մը հետ, որ ինչպէս նշեցի, շատ յստակ է՝ ինչպիսի գործողութիւններու ձեռնարկած է Իրանի դէմ։ Մենք չենք վստահիր ԱՄՆ-ին։ Եւ մենք մտահոգ ենք, որ Ամերիկան այս ծրագիրը կրնայ օգտագործել իր անվտանգային քաղաքականութեան շրջանակէն ներս։

Մեր մտահոգութիւնները յայտնած ենք մեր հայ գործընկերներուն։ Անոնք մեզի վստահոեցուցած են, որ Հայաստանը երբեք պիտի չդառնայ սպառնալիքի աղբիւր Իրանի համար”,— ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան։