ԱՄՆ-ու կողմէ Վենեզուելայի նախագահ Մատուրոյի առեւանգումէն ետք Կրէօնլանտին տիրանալու սպառնալիքը, փոքր պետութիւններուն վրայ զանազան միջոցներով ազդելու, սպառնալու եւ յարձակելու կանաչ լոյս է։ ԱՄՆ-ն եթէ մինչեւ հիմա նման գործողութիւններ ծածուկ կերպով կը կատարէր իր շահերուն հակառակող վարչակազմեր տապալելու համար, ներկայիս այդ կը կիրարկէ անթաքոյց կերպով իբր պետական ռազմավարութիւն ու կը յայտարարէ իր դիրքորոշումը։ Այս առթիւ Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ աներկբայ յայտարարեց, թէ Վենեզուելան Իրաք կամ Լիպիա չէ, ան երկրագունդի Հիւսիսային մասին կը պատկանի եւ պէտք չէ որ ԱՄՆ-ու հակառակորդներուն ծառայէ իբր կռուան, եւ թէ ան շրջափակումի մէջ պիտի մնայ մինչեւ որ ԱՄՆ-ու շահերը պաշտպանող կառավարական ուժեր իշխանութեան գլուխ գան…
ԱՄՆ-ու՝ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական այս ուղին որդեգրելէն ետք, զարմանալի չէ որ ռուս յայտնի հաղորդավար Սոլովիով առիթը չփախցնէ կոչ ուղղելու որ Ռուսաստան եւս Հայաստանի դէմ «յատուկ ռազմական միջամտութիւն» կատարէ, այնպէս ինչպէս կատարեց Ուքրաինային դէմ։ Սոլովիով զգուշացուց նաեւ նախկին Սովետ. Միութեան թրքալեզու պետութիւնները, որ որեւէ ձեւով ՕԹԱՆ-ին չմերձենան։ Տրամաբանութիւնը շատ պարզ է ըստ Սոլովիովի՝ «Մեզի համար Հայաստանի մէջ զարգացումները շատ աւելի ցաւալի են քան Վենեզուելայինները։ Հայաստանը կորսնցնելը հսկայ խնդիր մըն է»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը քաջութիւնը ունեցաւ Սոլովիովի յայտարարութիւններուն հակազդելու եւ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը կանչելով նախարարութիւն՝ անոր յանձնելու պաշտօնական բողոքի նամակ մը։ Կրնանք հարց տալ թէ ի՞նչ կ՚արժեն քաղաքավար բողոքները բիրտ ուժի գործածութեան դիմաց, երբ երկրագունդի ամէնէն հզօր պետութիւնը ինք կը մերժէ խաղալ դիւանագիտական խաղի օրէնքներով, կը դիմէ բիրտ ուժի, առանց միջազգային օրէնքի կամ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հաւանութեան, ինչ կարելի է սպասել Ռուսաստանէն ալ։
Թրամփի վարչակարգի MAGA (Make America Great Again — Ամերիկան վերստին հզօր դարձուր) ազգայնական գաղափարախօսութիւնը թիրախ կ՚առնէ Չինաստանը որպէս երկրագունդի երկրորդ տնտեսական հզօրութիւն, որ ունի շուրջ մէկ միլիառ չորս հարիւր միլիոն բնակչութիւն։ ԱՄՆ-ու միջազգային յարաբերութիւններու նոր
յարձակողական ուղղութիւնը եւ դաշնակիցներու հետ հակառակութիւնը, իր տնտեսական տիրակալութիւնը վերահաստատելու նպատակը կը հետապնդէ։ Բ. աշխարհամարտի աւարտին՝ Պաղ պատերազմին ստեղծեց ՕԹԱՆ-ն ու ամերիկեան տոլարը դարձուց միջազգային արժոյթ եւ զայն պարտադրեց միջազգային առեւտուրին մէջ, յետոյ ալ կեդրոնական դրամատուներուն համար հաստատեց տոլարը ոսկիի վերածելու արգելք։ Կրօնական գործօնը գործածեց սովետ իշխանութեան դէմ պայքարի մէջ, ինչպէս՝ Աֆղանիստանի թալիպանները, Իրանի մէջ իսլամական վարչակարգը, մինչեւ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան երեւան գալը Արաբական գարունի ընթացքին, որ նպաստեց Միջին Արեւելքի մէջ իրեն հակառակորդ իշխանութիւններու տապալումին։
Կրօնական տարրի գործածութեան զուգահեռ՝ տնտեսական պատիժները, ինչպէս նաեւ միջազգային դրամատնային համակարգը գործածելու արգելքը եւ խառնաձեւ (hybride) պատերազմը, թուային գործիքներու եւ արհեստական բանականութեան օգտագործումը դիւրացուցին միջամտութիւնը փոքր երկիրներու ներքին քաղաքականութեան մէջ։
Նորութիւնը ԱՄՆ-ու արտաքին քաղաքականութեան ներկայ ուղղութեան՝ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն հողային ամբողջականութեան ժխտումն է, ինչպէս՝ Դանիոյ Կրէօնլանտին։ Ինչ որ կը նշանակէ թէ ԱՄՆ-ու ազգային շահերը այլեւս չեն համապատասխաներ արեւմտեան ազատ շուկայականութեան։ Մէկ խօսքով ԱՄՆ-ն կը պատրաստուի նոր պատերազմի, պաշտպանելու համար իր ազգային շահերը, իր տնտեսական կայսրութիւնը՝ ուր յատուկ կարեւորութիւն ունին միջազգային առեւտուրի երթեւեկելի ուղիներու վերահսկումը, քարիւղի եւ այլ հանքային արտադրութիւններու տիրապետումը եւ տոլարի պաշտպանութիւնը, որ վերջերս միջազգային շուկայի վրայ իբրեւ դրամանիշ մեծ անկում ապրեցաւ, Չինաստանի, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Պրիքս-ի այլ երկիրներու կողմէ այլեւս չգործածուելով իրբեւ միջազգային առեւտուրի արժոյթ։
Ժ.Չ. ■
