ԵՄ-ի Խորհուրդը հաստատեց Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ դրութիւնը
Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը Սեպտեմբեր 24-ին պաշտօնապէս հաստատեց Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ պայմաններու դրութիւնը՝ Ռուսաստանի կողմէ վերջերս պարտադրուած առեւտրային սահմանափակումներէն ետք հայկական տնտեսութեան աջակցելու նպատակով:
Այս որոշումով կ’ազատականացուի Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն արտածումներուն շուրջ 80 տոկոսը, ներառեալ՝ գիւղատնտեսական որոշ ապրանքներու համար սահմանուած մաքսատուրքերը: Նոր կարգաւորումը պիտի գործէ երկու տարի:
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ արտօնեալ դրութիւնը ունի որոշ պայմաններ եւ կ՚ընդգրկէ նաեւ ԵՄ-ի շուկան պաշտպանելու միջոցներ՝ եթէ հայկական ներածումները բացասաբար ազդեն եւրոպացի արտադրողներուն վրայ:
Եւրոպական կողմի հաշուարկներով՝ հայ գործարարները այս երկու տարուան ընթացքին զերծ պիտի կացուցուին ընդհանուր առմամբ 5,4 միլիոն եւրոյի մաքսատուրքէ: Ըստ գնահատականներու՝ այս արտօնութիւնը կը ծածկէ դէպի Ռուսաստան պտուղի եւ բանջարեղէնի արտածումներուն 99 տոկոսը, իսկ խմիչքներուն՝ 91 տոկոսը:
