Խմբակային կառավարում, ուխտի դրժում եւ հալածանքներ…
Հրապարակուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ճգնաժամին վերաբերող զեկոյցը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոնը հրապարակած է ծաւալուն զեկոյց մը (74 խիտ էջեր), որ կը կրէ «Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետին եւ շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու գործունէութեան հետեւանքով եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամին ու անոր լուծման ուղիներուն մասին» խորագիրը։ Վարչապետի յանձնարարականով պատրաստուած այս փաստաթուղթը կը բխի կառավարութեան 2026-2031 թուականներու ծրագրէն։
Բացառապէս բաց աղբիւրներու եւ օրինական ճամբով հասանելի տուեալներու (աւելի քան 250 յղումով) վրայ հիմնուած այս զեկոյցին նպատակն է փաստագրել Եկեղեցւոյ ներքին ճգնաժամն ու առաջարկել ելքի ուղիներ։ Զեկոյցին մէջ կը շեշտուի, որ այս նախաձեռնութիւնը բնաւ նպատակ չունի վիճարկելու Եկեղեցւոյ դաւանաբանական հիմքերը, Սրբազան աւանդութիւնն ու կանոնական կարգը. ընդհակառակն՝ անիկա ի յայտ կը բերէ ճիշդ այդ հիմքերուն խախտումները՝ ի պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ ինքնութեան եւ ինքնավարութեան։ Փաստաթուղթը կ՚ընդգծէ նաեւ, որ բարենորոգումները պէտք է իրագործուին եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդի խորհրդակցական մասնակցութեամբ, մինչ պետութիւնը կը գործէ միայն իր օրէնսդրական իրաւասութիւններու ծիրէն ներս։
Համադրելով հաւաքուած վկայութիւնները Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Կանոնագիրքին, առաքելական կանոններուն, 1945 թուականի Ազգային-եկեղեցական ժողովի կանոնադրութեան եւ ՀՀ օրէնսդրութեան հետ՝ զեկոյցը կ՚արձանագրէ ճգնաժամը փաստող 16 կէտեր։ Անոնց շարքին կը յիշատակուին կուսակրօնութեան ուխտի դրժումն ու բարեվարքութեան խախտումներու անպատժելիութիւնը, հոգեւորականներու դէմ կամայական հալածանքներն ու անհիմն կարգալուծութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական անթափանցիկութիւնն ու եկեղեցապատկան կալուածներու ոչ-նպատակային օգտագործումը։
Բացի ասկէ, արձանագրութիւնները կը մատնանշեն ազգակցական կապերով ձեռնադրութիւնները, խմբակային (կլանային) կառավարումը, Սուրբ Խորանի քաղաքականացումն ու արտաքին ազդեցութիւններու տարածումը։ Որպէս ճգնաժամի խորացման պատճառ կը նշուին նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի 27-ամեայ խափանումը, միասնական սահմանադրութեան բացակայութիւնն ու Սփիւռքի թեմերէն ներս յառաջացած պառակտումները։
Որպէս ելք՝ զեկոյցը կ’առաջարկէ ճգնաժամի յաղթահարման հինգ հանգրուաններէ բաղկացած ճանապարհային քարտէս մը.-
- Առաջինհանգրուան. Բարենորոգման օրակարգի վերայստակացում եւ հանրահռչակում։
- Երկրորդհանգրուան. ՀԱՍԵ (Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ) փաստացի պետի հեռացում (հանգստեան կոչում)։
- Երրորդհանգրուան. Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն։
- Չորրորդհանգրուան. ՀԱՍԵ միասնական կանոնադրութեան ընդունում։
- Հինգերորդհանգրուան. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն։
Զեկոյցի ամբողջական բովանդակութեան կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ կապով.-
https://iprc.am/wp-content/uploads/2026/09/Զեկույց-ՀԱՍԵ-Ճգնաժամ-HY-24․09․26.pdf
