Անկախութեան 35−րդ տարեդարձի մտորումներ
Անկախ Հայաստանը 35 տարեկան է։ Որքան պարծանքի, նոյնքան ալ զգուշաւորութեան առիթ է ասիկա։ Այս 35 տարուան ընթացքին Հայաստանը անցաւ մեծ փորձութիւններէ, ինկաւ թակարդներու մէջ, սկզբնական յաղթանակէն գինովցած՝ ապրեցաւ մեծ ողբերգութիւններ՝ չունենալով ինքնիշխան պետութեան լիարժէք հաստատութիւններ։ Այսօր, 35 տարուան հեռաւորութենէն դիտուած, շատ աւելի յստակ կը չափենք բոլոր այն թերիները, որոնք կը թաքնուէին հայրենասիրական յայտարարութիւններու, մեծամտութեան, անհոգութեան եւ, վերջապէս, անփորձութեան ետին։
Անկախութեան հռչակման առաջին իսկ օրէն, գլխաւոր հիմնահարցը հանդիսացաւ Արցախի ինքնորոշման պայքարը։ Անոր ստեղծած նախնական խանդավառութիւնը, սակայն, պետական հաստատութիւններու անկատարութեան եւ հզօր ու ինքնիշխան պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ, ի վերջոյ վերածուեցաւ ազգային ողբերգութեան ու յուսալքութեան։ Արցախի կորուստէն ետք, անկախ Հայաստանը իր կարգին ենթարկուեցաւ Ազերպայճանի բանակի յարձակումներուն, որոնք կը վայելէին թէ՛ թրքական եւ թէ՛ ռուսական լռելեայն հաւանութիւնը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք պետութիւններուն տուած երաշխիքները ի դերեւ ելան։ Անոնք չկրցան արգիլել 2020-ի պատերազմի սանձազերծումը, հակառակ անոր որ Մինսքի խմբակին գլխաւոր երեք սկզբունքներէն մէկը ուժի կիրարկման կամ ատոր սպառնալիքի բացառումն էր։ Աւելին, անոնք չկրցան կանխել անկէ ետք ինքնիշխան Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումներն ու տարածքային բռնագրաւումները։
Ռուսաստան Հայաստանի վրայ յարձակելու կանաչ լոյս տուաւ Ազերպայճանին, որմէ ետք հայութեան աչքին կորսնցուց առաջնակարգ ու ռազմավարական դաշնակից ըլլալու իր նախապատւութիւնը։ Իբրեւ հետեւանք, Հայաստան սառեցուց իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին եւ այլեւս երկրի անվտանգութեան երաշխիք չի նկատեր ռուսական 102-րդ ռազմակայանը։
Մէկ խօսքով, անկախութիւնը ինքնին երաշխիք մը չէ երկրի կամ պետութեան մը գոյատեւման համար։ Ասիկա յատկապէս ճիշդ է Հայաստանի նման փոքր պետութեան մը պարագային, որ շրջապատուած է չորս հարեւաններով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի հարեւանային կամ միջազգային մակարդակի լուրջ խնդիրներ։ 2020-ի պատերազմով փուլ եկաւ յետխորհրդային շրջանին անկախացած պետութիւններու միջեւ գոյակցութեան փոխըմբռնումը։ Այսպէսով, Հայաստանի առջեւ բացուեցաւ նոր էջ մը։ Այս դժուարին պայմաններուն մէջ, երկիրը յաջողեցաւ անցեալ Յունիսին կազմակերպել յաջող խորհրդարանական ընտրութիւններ, գոյացնել մեծամասնութիւն եւ ձեւաւորել կայուն կառավարութիւն մը։ Այդ կառավարութեան գլխաւոր օրակարգն է խաղաղութեան հաստատումը, սահմանազատումը, հարեւաններուն հետ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումն ու Ռուսաստանի հետ նոր տնտեսական յարաբերութիւններու սահմանումը, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ բազմակողմանի յարաբերութիւններու մշակումը։
Այս բոլորին կողքին, անշուշտ, կան նաեւ դրական ձեռքբերումներ։ Անցեալ տարի, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ հայրենադարձներու թիւը գերազանցեց արտագաղթողներունը։ Տնտեսական գետնի վրայ եւս արձանագրուեցաւ համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ/PIB) կայուն աճ, իսկ ազգային արժոյթը արժեւորուեցաւ։
Այսուհանդերձ, 35-ամեայ անկախութիւնը ցոյց տուաւ նաեւ ներքին ճակատի վրայ առկայ բազմաթիւ եղբայրասպան, թշնամական եւ հակապետական դրսեւորումներ, որոնք խիստ նուազեցուցին երկրի դիմադրողականութիւնը։ Ասիկա կ՚ընդգրկէ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին պարտադրուած հրաժարականէն սկսեալ մինչեւ Արցախի ու Հայաստանի ղեկավար դասերուն միջեւ ծայր առած անհամերաշխութիւնը, որ հետագային յանգեցաւ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի խորհրդարանական սպանդին, 2008-ի Մարտ 1-ի ողբերգութեան, ընտրական համատարած խախտումներուն, արմատացած կաշառակերութեան եւ բանակի սպառազինութեան ոլորտի թերացումներուն։ Այս բոլորը ի վերջոյ յանգեցան 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան։
Երկրի ներքին հասարակարգի բարեփոխումները նախապայման են անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման եւ տնտեսական զարգացման համար։ Իշխանութիւններու տարանջատումը դեռեւս բարեկարգման խիստ կարիք ունի, յատկապէս՝ արդարադատութեան համակարգը։ Միեւնոյն ժամանակ, հրամայական է բարձրաստիճան հոգեւորականներու՝ քաղաքական գործունէութեան մասնակցութեան բացառումը։ Կրթական ու մշակութային մարզը մշտանորոգ ուշադրութեան կը կարօտի՝ արդիականութեան հետ քայլ պահելու եւ ազգային ժառանգութեան տէր կանգնելու մարտահրաւէրին ընդառաջ։ Վերջապէս, մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը կը մնայ Սփիւռքի հետ նոր, ռազմավարական յարաբերութեան մշակումը։
Ժ.Չ. ■
