ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կասեցնէ ներգաղթի արտօնագրերու (immigrant visa) տրամադրման գործընթացը 75 երկիրներու, ներառեալ՝ Հայաստանի պարագային, ջանալով խստացնել վերահսկողութիւնը այն դիմողներուն նկատմամբ, որոնք հաւանաբար «հանրային բեռ» (public charge) պիտի դառնան։
Ըստ «Ֆոքս Նիուզ»-ի ձեռք ձգած Արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրին, հիւպատոսական պաշտօնեաներուն հրահանգուած է մերժել արտօնագրերը՝ գործող օրէնքներու համաձայն, մինչ գերատեսչութիւնը կը վերագնահատէ իր ստուգման եւ զտումի ընթացակարգերը։
Այս «սառեցում»-ը ի զօրու պիտի դառնայ Յունուար 21-ին եւ պիտի շարունակուի անորոշ ժամանակով՝ մինչեւ ներգաղթի արտօնագրերու տրամադրման գործընթացի վերագնահատումը։
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ ներկայացուցած ժամանակացոյց մը, թէ ե՛րբ կրնայ վերսկսիլ գործընթացը։ Նախարարութեան բանբեր մը Reuters-ին հաստատած է կասեցումը, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած։
Այս դադրեցումը տեղի կ՚ունենայ ներգաղթի դէմ լայնածաւալ խստացումներու ծիրէն ներս, որոնք կ՚իրականացուին ԱՄՆ-ու հանրապետական նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ՝ անցեալ Յունուարին պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր։
Նոյեմբերին Թրամփ խոստացած էր «մնայուն կերպով դադրեցնել» ներգաղթը այն երկիրներէն, զորս ան որակած էր իբրեւ «Երրորդ աշխարհի երկիրներ», Սպիտակ տան մօտակայքը Աֆղանիստանի քաղաքացիի մը կողմէ կատարուած կրակոցէն ետք, որուն պատճառով սպանուած էր Ազգային պահակագունդի անդամ մը։
Ըստ «Ֆոքս Նիուզ»-ի ձեռք ձգած ցանկին, կասեցումէն ազդուող երկիրներն են.
Աֆղանիստան, Ալպանիա, Ալժերիա, Անթիկուա եւ Պարպուտա, Հայաստան, Ազերպայճան, Պահամեան կղզիներ, Պանկլատէշ, Պարպատոս, Պելառուս, Պելիզ, Պութան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա, Պրազիլ, Պուրմա, Գամպոճիա, Գամըրուն, Գափէ Վերտէ, Գոլոմպիա, Փղոսկրեայ Ափ, Գուպա, Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Տոմինիքա, Եգիպտոս, Էրիթրէա, Եթովպիա, Ֆիճի, Կամպիա, Վրաստան, Կանա, Կրընատա, Կուաթեմալա, Կինէա, Հայիթի, Իրան, Իրաք, Ճամայիքա, Յորդանան, Ղազախստան, Քոսովօ, Քուէյթ, Քիրկիզստան, Լաոս, Լիբանան, Լիպերիա, Լիպիա, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Մոլտաւիա, Մոնղոլիա, Մոնթենեկրօ, Մարոք, Նեփալ, Նիքարակուա, Նիկերիա, Փաքիստան, Գոնկոյի Հանրապետութիւն, Ռուսաստան, Ռուանտա, Սենթ Քիթս եւ Նեվիս, Սենթ Լուսիա, Սենթ Վինսենթ եւ Կրենատիններ, Սենեկալ, Սիերրա Լէոնէ, Սոմալի, Հարաւային Սուտան, Սուտան, Սուրիա, Թանզանիա, Թայլանտ, Թոկօ, Թունուզ, Ուկանտա, Ուրուկուայ, Ուզպեքիստան եւ Եմէն։
