Կարի Գասպարով՝ մահուան սպառնալիքի տակ

Garry_Kasparov_IMG_0130

Ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան եւ Կրեմլինի ընդդիմադիր Կարի Գասպարով յայտնած է, թէ ամերիկեան եւ լիթուանական ապահովութեան մարմինները զինք զգուշացուցած են իր կեանքին սպառնացող վտանգի մասին։ Նոյն զգուշացումը ստացած է նաեւ իր պայքարի ընկեր, «Ազատ Ռուսաստանի ֆորում»-ի համահիմնադիրներէն Իվան Թիւթրինը։ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Գասպարով կը վստահեցնէ, որ անհրաժեշտ զգուշութիւնները ձեռք առած է, սակայն մտադիր չէ հրաժարելու Վլատիմիր Փութինի դէմ իր պայքարէն։

Այս յայտարարութիւնները կը յաջորդեն Սեպտեմբեր 15-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ հինգ անձերու դէմ յարուցուած հետապնդումներուն։ Անոնք կը մեղադրուին ռուսական գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ կապուած ցանցի մը մաս կազմելու յանցանքով։ Ամերիկեան արդարադատութեան մարմիններուն համաձայն՝ ցանցը միջնորդներ ներգրաւած է այլախոհներու հետեւելու եւ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպայի մէջ սպանութիւններ նախապատրաստելու նպատակով։

Գասպարով, սակայն, կը յստակացնէ, որ ապահովութեան ծառայութիւնները զինք զգուշացուցած են վտանգին մասին՝ առանց հաստատելու, թէ ինք այս գործով բացայայտուած թիրախներուն շարքին է։ Կրեմլին մերժած է ամերիկեան մեղադրանքները՝ պնդելով, թէ արժանահաւատ ապացոյցներ ներկայացուած չեն։

Պաքու ծնած Գասպարովի մայրը հայ է, հայրը՝ հրեայ։ Ան իր ընտանիքին հետ հեռացած էր քաղաքէն հակահայ ջարդերու օրերուն։ Հետագային դարձած է արտասահմանի մէջ գործող ռուս ընդդիմութեան ամէնէն ծանօթ դէմքերէն մէկը։ Մոսկուա զինք ընդգրկած է թէ՛ «օտար գործակալներու», թէ՛ «ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներու» ցանկերուն մէջ։

Սպառնալիքներուն դիմաց Գասպարով կը մնայ վճռական. «Կանգ պիտի չառնեմ ու պիտի չթաքնուիմ»,– ըսած է ան։