Փաշինեան կը կիսէ ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵԽԽՎ-ի զեկոյցով արտայայտուած մտահոգութիւնները

Փաշ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ կը կիսէ Հայաստանի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) զեկոյցին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ ներկայացուած առաջարկները կառավարութիւնը մանրամասնօրէն պիտի քննէ։ 

Փաշինեանի համաձայն՝ կառավարութիւնը ներկայիս կ՚ուսումնասիրէ զեկոյցը եւ առաջարկները պիտի քննարկէ նաեւ մասնագիտական մակարդակով։ Ան շեշտած է, որ ԵԽԽՎ-ի առաջարկներուն գործադրումը, իր կարծիքով, կրնայ միայն օգտակար ըլլալ։ 

Վարչապետը նաեւ յիշեցուցած է, որ իշխանութիւնները ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք իրենք եւս խնդիրներ արձանագրած էին ընտրական համակարգին մէջ։ Ըստ Փաշինեանի՝ անհրաժեշտ են լուրջ փոփոխութիւններ, որպէսզի ստեղծուած նման կացութիւնները ապագային կարելի ըլլայ կանխել կամ անոնց ազդեցութիւնը գրեթէ զերոյի հասցնել։ 

ԵԽԽՎ-ն իր ամփոփիչ զեկոյցին մէջ մասնաւոր մտահոգութիւն յայտնած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ կարգ մը ընտրատեղամասերու արդիւնքները անվաւեր նկատելու եւ վերաքուէարկութիւն չկազմակերպելու որոշումին առնչութեամբ։ Դէտերուն գնահատումով՝ այդ որոշումը բաւարար պատճառաբանութեամբ չէ հիմնաւորուած եւ կրնար ազդեցութիւն ունենալ խորհրդարանական ներկայացուցչութեան վրայ։ Արդարեւ,«Բարգաւաճ Հայաստան»-ը վերջնական արդիւնքներով ստացած է 3,99 առ հարիւր՝ չանցնելով խորհրդարան մուտքի 4 առ հարիւրի շեմը։ 

Զեկոյցին մէջ արձանագրուած էին նաեւ ընտրակաշառքի վերաբերող մեղադրանքներ, քարոզարշաւին պետական ու վարչական միջոցներու չարաշահում եւ ընտրական խախտումներու պարագային արդիւնաւէտ դատական պաշտպանութեան թերութիւններ։ Միաժամանակ ԵԽԽՎ-ի դէտերը ընտրութիւններու ընդհանուր ընթացքը գնահատած էին լաւ կազմակերպուած՝ նշելով, որ քաղաքացիները քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ ազատօրէն ընտրելու իսկական կարելիութիւն ունեցած են։

Զեկոյցը կ՚անդրադառնար նաեւ արտասահմանէն գործադրուած ճնշումներուն եւ տեղեկատուական միջամտութիւններուն։ Դէտերը միաժամանակ նշած էին, որ արեւմտեան ու եւրոպական պաշտօնատարներու՝ իշխանութեան ուժին նպաստաւոր յայտարարութիւններն ալ արտաքին միջամտութիւն ընկալուած են, թէեւ՝ առանց հասնելու Ռուսաստանի վերագրուած հարկադրական գործողութիւններուն տարողութեան։