Փարիզի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը

Հիւրեր

Շուրջ 400 հոգի Սեպտեմբեր 30-ի երեկոյեան համախմբուեցան Փարիզի Օփերայի հրապարակի «InterContinental Paris — Le Grand» պանդոկի պերճաշուք սրահներուն մէջ՝ նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը։ Հանդիսութեան ներկայ էին ֆրանսացի քաղաքական դէմքեր, դիւանագէտներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ մշակոյթի գործիչներ։

Ներկաներու շարքին էին Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրան, Փարիզի քաղաքապետ Էմանիւէլ Կրեկուար, քաղաքապետի տեղակալներ Օտրէ Փիւլվար եւ Անուշ Թորանեան, ծերակուտական Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, եւրո-երեսփոխան Նաթալի Լուազօ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Եղիա եպիսկ. Եղիայեանն ու բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը, լրագրող Նաթաշա Փոլոնի եւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Ֆրանսայի Հանրապետական պահակագունդի երգչախումբին կողմէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային փառերգերու կատարումով։ Այնուհետեւ խօսք առաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։

Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ 35 տարին կարճ ժամանակաշրջան մըն է դարաւոր ազգի մը պատմութեան մէջ, սակայն Հայաստանի նորագոյն Հանրապետութեան համար այդ տարիները լեցուն եղած են պատերազմներով, յաղթանակներով, ծանր կորուստներով, յոյսերով եւ հիասթափութիւններով։ Կարեւորութեամբ շեշտեց, որ այս փորձառութեան գլխաւոր դասերէն մէկն այն է, որ ինքնիշխանութիւնը ոչ միայն իրաւունք է, այլեւ պատասխանատւութիւն։

Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, խաղաղութեան գործընթացին եւ շրջանային յարաբերութիւններու բնականոնացման՝ խաղաղութիւնը ներկայացնելով իբրեւ երկրի ու շրջանի ապագային ուղղուած ռազմավարական ընտրութիւն։ Ան միաժամանակ շեշտեց, որ մարդասիրական չլուծուած հարցեր կը մնան, նախ եւ առաջ՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը։

Խաչատրեան առանձնայատուկ տեղ յատկացուց Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն՝ զանոնք պատմական բարեկամութենէն իսկական եղբայրութեան հասած կապեր որակելով։ Ան յիշատակեց Մուսա Լեռան հայերու փրկութիւնը ֆրանսական նաւատորմին կողմէ 1915-ին, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան խորացումը։ Ան, ֆրանսահայ համայնքը բնորոշեց իբրեւ երկու երկիրները միացնող թանկագին կամուրջ։

Դեսպանէն ետք խօսք առաւ Ֆրանսախօսութեան, միջազգային գործընկերութիւններու եւ արտասահմանի ֆրանսացիներու հարցերու պատուիրակ նախարար Էլէոնոր Գառուա։ Ան, իր ելոյթը կառուցեց Հայաստանի պատմական յարատեւութեան գաղափարին շուրջ՝ ըսելով. «Հայաստանը իր հազարամեայ գոյատեւումով կը մարմնաւորէ այն յաւերժութեան գաղափարը, որուն Ֆրանսան եւս կը ձգտի»։

Գառուա նշեց, որ մինչ Ֆրանսայի մէջ տակաւին կը վիճին, թէ ո՛ր թուականը պէտք է նկատել երկրի պատմութեան հիմնադիր հանգրուանը, Հայաստանը հազարամեակներու պատմութիւն ունի։ Ան յիշեցուցած է, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ փորձութիւններու ենթարկուած է, ազատութիւնը միշտ չէ որ վայելած է, սակայն շարունակած է գոյատեւել։ Ըստ նախարարին՝ այս դիմադրական ոգին խոր յարգանք կը ներշնչէ ֆրանսացիներուն։

Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին՝ Գառուա ընդգծեց, որ 1991-ի հանրաքուէով հայ ժողովուրդը ընտրեց ինքնիշխանութիւնը եւ ընտրութենէ-ընտրութիւն կը վերահաստատէ նաեւ ժողովրդավարութեան իր ընտրանքը՝ հակառակ ապատեղեկատւութեան, ապակայունացման փորձերուն եւ արտաքին միջամտութիւններուն։ Նախարարուհին նշեց նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու մերձեցումը՝ շեշտելով, որ Ֆրանսա մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ ընթացքին եւ վերջին տարիներուն զգալիօրէն խորացուցած է Հայաստանի հետ իր կապերը։

Գառուա անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ֆրանսախօս դիմագիծին՝ յիշատակելով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովը, յառաջիկայ Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը, Հայաստանի մէջ ֆրանսական կրթութեան ներկայութիւնը եւ Ֆրանսական համալսարանը, ուր այս տարի շուրջ 2500 ուսանող կը յաճախէ։

Իր խօսքի աւարտին նախարարուհին ոգեկոչեց Միսաք Մանուշեանը՝ յիշելով անոր վերջին նամակին հանրածանօթ պատգամը՝ «Երջանկութիւն բոլորին», ապա իր ելոյթը եզրափակեց՝ «Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Ֆրանսան եւ կեցցէ՛ մեր երկու երկիրներուն բարեկամութիւնը» մաղթանքով։

Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ երաժշտութեամբ. Հանրապետական պահակագունդի երգչախումբը կատարեց Շառլ Ազնաւուրի «Emmenez-moi» եւ «For Me… Formidable» երգերը։

Թ. Շ.