Ազերպայճանցի զինուոր մը Շաքիի մէջ կրակած է կնոջ մը վրայ

Ազերի զինուոր

Յարձակումը գործած ազերպայճանցի զինուորը Սեպտեմբեր 26-էն ի վեր կը բացակայէր իր զօրամասէն

Ազերպայճանցի զինուոր մը, որ ապօրինի կերպով անցած է Հայաստանի սահմանը, Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղին մէջ հրազէնով ոտքէն վիրաւորած է տեղացի կին մը։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համաձայն՝ ենթական ձերբակալուած է։ 

Դէպքին մասին ահազանգը Ներքին գործոց նախարարութեան 112 շտապ կանչերու կեդրոնը ստացած է Հոկտեմբեր 1, ժամը 14.15-ին։ Ոստիկանութեան խումբեր անմիջապէս մեկնած են դէպքի վայր, ուր պարզուած է, որ կրակոցը արձակած է ազերպայճանցի զինուորը։ 

Շաքիի համայնքի ղեկավար Ռուբէն Մանուչարեանի համաձայն՝ ինքնաձիգով զինուած եւ ազերպայճաներէն խօսող տղամարդը մտած է բնակարան մը եւ կրակած տանտիրուհիին վրայ՝ անոր երեք անչափահաս զաւակներուն ներկայութեան։ 38-ամեայ կինը տեղափոխուած է Սիսիանի հիւանդանոց. անոր վիճակը կայուն է եւ կեանքին վտանգ չի սպառնար։ 

Հայաստանի Անվտանգութեան ազգային ծառայութիւնը (ԱԱԾ) նաեւ հաղորդած է, որ Սեպտեմբեր 29-ին Ազերպայճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր, թէ իր զինուորական ստորաբաժանումներէն մէկուն զինուորներէն մէկը անծանօթ հանգամանքներու մէջ լքած է ծառայութեան վայրը, եւ չէր բացառուած, որ ան անցած ըլլայ Հայաստանի պետական սահմանը։ Այնուհետեւ երկու երկիրներու համապատասխան մարմինները որոնողական աշխատանքներ կատարած են։ 

Դէպքին եւ ձերբակալութեան մանրամասնութիւնները փոխանցուած են ազերպայճանական կողմին։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն դէպքին առնչութեամբ քրէական վարոյթ սկսած է։