ՄԱԿ-ի ժընեւեան ձեռնարկին՝ զգուշացում
Screenshot
Արցախի հայերու վերադարձի հարցը չլուծելը կրնայ նոր վտանգներ ստեղծել Հայաստանի համար
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի երդիքին տակ, «Christian Solidarity International» (CSI) եւ «European Centre for Law and Justice» (ECLJ) կազմակերպութիւններուն նախաձեռնած յարակից քննարկման մասնակից իրաւաբաններ ու իրաւապաշտպաններ զգուշացուցած են, որ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման հետեւանքներուն անպատիժ մնալը եւ անոնց վերադարձի իրաւունքին անտեսումը կրնան նոր վտանգներ ստեղծել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Ձեռնարկը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 29-ին եւ նուիրուած էր Արցախի հայութեան տեղահանութենէն երեք տարի ետք ստեղծուած կացութեան։
Քննարկման մասնակիցները շեշտած են, որ կայուն խաղաղութիւնը չի կրնար հիմնուիլ միայն առեւտրական համաձայնագրերու կամ տնտեսական փոխադարձ շահերու վրայ, եթէ միաժամանակ չլուծուին Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման, Արցախէն տեղահանուած բնակչութեան վերադարձի եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերը։
Միջազգային իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան անդրադարձած է Ազերպայճանի մէջ պահուող հայերու կացութեան՝ նշելով, որ անոնց մեկուսացումը եւ ընտանիքներուն հետ կապի սահմանափակումը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն։ Ներկայիս շուրջ 20 հայ կը մնայ ազերպայճանական կալանքի մէջ, որոնց շարքին՝ Արցախի նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներ։ Մարդասիրական վերահսկողութեան հնարաւորութիւնները նուազած են Ազերպայճանի իշխանութիւններու պահանջով՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Պաքուի ներկայացուցչութեան 2025-ին փակուելէն ետք։ «Human Rights Watch»-ը եւս վերջերս արձանագրած է կալանաւորներու ընտանիքներուն հետ կապի, բժշկական սպասարկման եւ այլ իրաւունքներու ոտնահարման վերաբերող լուրջ պնդումներ, զորս Պաքուն կը հերքէ։
Եւրոպական Ազատ Դաշինքի նախագահ Լորենա Լոփէս տէ Լաքայ (Lorena López de Lacalle), իր կարգին, ընդգծած է, որ ամբողջ համայնքի մը տեղահանութենէն ետք անոր պատմական ներկայութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու վտանգը խաղաղութեան հետ անհամատեղելի է։ Ան նաեւ կոչ ուղղած է ազատ արձակելու հայ կալանաւորները եւ ապահովելու տեղահանուածներուն արժանապատիւ պայմաններով տունդարձի կարելիութիւնը։
Միջազգային իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան աւելի կտրուկ գնահատական տուած է՝ զգուշացնելով, որ եթէ միջազգային հանրութիւնը Պաքուն պատասխանատուութեան չկանչէ Արցախի հայկական ներկայութեան վերացման համար, ապա ստեղծուած անպատժելիութիւնը կրնայ խրախուսել նոր ճնշումներ ու գործողութիւններ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։ Ասիկա իրաւաբանին ներկայացուցած քաղաքական եւ իրաւական գնահատականն է, եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական դիրքորոշումը։
Ինչպէս վերը հնչած յայտարարութիւններէն, արտայայտուած կարծիքներէն ալ կարելի է նշմարել, ձեռնարկին առանցքային թեմաներէն մէկը եղած է նաեւ Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը։ Մասնակիցները կոչ ուղղած են միջազգային կառոյցներուն եւ արեւմտեան կառավարութիւններուն՝ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու այս հարցին, այդ կարգին՝ Զուիցերիոյ Խաղաղութեան նախաձեռնութեան միջոցով։ Այդ նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ միջազգային վերահսկողութեամբ երկխօսութիւն Պաքուի եւ Արցախէն տեղահանուած հայութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ ապահով եւ հաւաքական վերադարձի պայմաններուն շուրջ։
Այս պահանջը ունի նաեւ միջազգային իրաւական հէնք։ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը 2023 Նոյեմբեր 17-ի իր պարտադիր որոշումով Ազերպայճանին յանձնարարած է երաշխաւորել 2023 Սեպտեմբեր 19-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղը լքած եւ հոն վերադառնալ փափաքող անձերու ապահով, անարգել եւ արագ տունդարձը։
