Լոյս տեսած է Մարկ Նշանեանի նոր՝ «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը

ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ

«ԿԱՄ» մատենաշարը հարստացած է նոր հատորով մը. Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» աշխատասիրութիւնը։

Հատորը կը մէկտեղէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի քերթողական գործերն ու աշխարհը։ Առաջին ակնարկով պատահական թուացող այս հանդիպումը խորքին մէջ երկխօսութիւն մըն է երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ։ Մէկ կողմէն՝ Խորհրդային Հայաստանն ու Չարենցի «հայրենիք»-ի որոնումը, միւս կողմէն՝ սփիւռքեան գոյավիճակին մասին Վահէ Օշականի վկայութիւնը։

Հեղինակը, գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծութիւններով, կը քննէ Եղիշէ Չարենցի գործին մէջ պատմութեան, սուգի եւ գրական լեզուի հարցերը, ինչպէս նաեւ Վահէ Օշականի արձակն ու քերթողութիւնը՝ ի յայտ բերելով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող անտեսանելի կապը։

«ԿԱՄ» մատենաշարի երրորդ միաւորը նկատուող «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը հայ գրականութեան, լեզուին եւ պատմութեան նուիրուած խորունկ համեմատական ուսումնասիրութիւն մըն է եւ արժէքաւոր աղբիւր մը բոլոր ընթերցողներուն համար։