Մուսա Լեռ. փրկութեան մը յիշողութիւնը՝ Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ

WhatsApp Image 2026-10-12 at 08.25.13 (5)

Օրուան բանախօսը՝ Ժան Գորտէլ

Շաբաթ, Հոկ­տեմբեր 10-ին, Փա­րիզի հայ կա­թողի­կէ Սուրբ Խաչ տա­ճարի ծխա­կան սրա­հը լեփ-լե­ցուն էր (աւե­լի քան 120 հո­գի)՝ հիւ­րընկա­լելու հա­մար դա­սախօ­սու­թիւն մը՝ նուիրուած Մու­սա Լե­ռան դիւ­ցազներ­գութեան եւ 1915-ի Սեպ­տեմբե­րին ֆրան­սա­ցի ծովայիններուն կող­մէ հա­յերու փրկու­թեան: Գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ Համ­բիկ Թա­լաթի­նեանի հա­կիրճ բաց­ման խօս­քէն ետք, բա­նախօս Ժան Գորտէլ ներ­կա­յացուց իր «Հա­յերու եւ ծովայիններու դիւ­ցազներ­գութիւ­նը. Մու­սա Լեռ / Ռաս էլ Մի­նա, Սեպ­տեմբեր 1915» գիր­քը: Տաս­ներ­կուամեայ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք այս գոր­ծին ներ­կա­յացու­մը զու­գորդուեցաւ մեծ պաս­տա­ռի վրայ լու­սա­պատ­կեր­նե­րու ցու­ցա­դրու­թեամբ:

Հան­դի­պու­մը յատ­կա­նշուեցաւ նաեւ հո­գեպա­րար երաժշտա­կան ընդ­մի­ջու­մով մը. տի­կին Ան­նա Կա­սեան հրա­շա­լի կեր­պով, առանց նուա­գակ­ցութեան (a cappella) մեկ­նա­բանեց Ժան Գորտէլին այնքան հա­րազատ դար­ձած «Տէր Ողոր­մեա»-ն՝ խոր յու­զում յա­ռաջաց­նե­լով ներ­կա­ներուն մօտ: Աւե­լին, Փա­րիզ հաս­տա­տուած գամ­պո­ճցի մը, որ հո­գե­պէս շատ կա­պուած է հա­յերուն եւ ինքն ալ վե­րապ­րած ու մա­զապուրծ փա­խած է Գամ­պո­ճի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, աս­մունքեց հայ ժո­ղովուրդին ձօ­նուած իր հե­ղինա­կած մէկ բա­նաս­տեղծու­թիւնը:

Դի­մադ­րութեան դրուագ մը՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրտին մէջ

1915 Սեպ­տեմբե­րին, մինչ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը իր լրու­մին կը հաս­նէր, Մու­սա Լե­ռան գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րը կը մեր­ժեն տե­ղահա­նու­թեան հրա­մանը եւ կ՚ապաս­տա­նին լեռն ի վեր՝ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար իրենց դի­մադ­րութիւ­նը: Դէմ-յան­դի­ման մնա­լով պա­շար­ման ու բնաջնջման սպառ­նա­լիքին՝ անոնք կը փոր­ձեն կապ հաս­տա­տել արե­ւելեան Մի­ջերկրա­կանի մէջ գտնուող դաշ­նա­կից ու­ժե­րուն հետ:

Այդ կա­պը կը ստեղ­ծուի ֆրան­սա­կան ռազ­մա­ծովա­յին ու­ժե­րուն, յատ­կա­պէս՝ « Desaix »  յա­ծանա­ւուն հետ: Ի վեր­ջոյ, հա­յերը կը տար­հա­նուին Ռաս էլ Մի­նայի ծո­վափէն դէ­պի Փոռ Սա­յիտ (Եգիպ­տոս). այսպէսով կը փրկուի 4092 հո­գի: Մու­սա Լե­ռը կը մնայ 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թացքին զի­նեալ դի­մադ­րութեան եւ զան­գուածա­յին փրկու­թեան հա­զուա­գիւտ օրի­նակ­նե­րէն մէ­կը:

Ըն­տա­նեկան ար­խիւնե­րով վե­րապ­րող պատ­մութիւն

Ժան Գորտէլ այս դրուագը վե­րակեն­դա­նացուց իր մօ­րենա­կան մեծ հօր՝ Ժան Լը Մէի ան­ցած ու­ղիին ընդմէ­ջէն, որ այն ատեն 23-ամեայ ծովային սպայ մըն էր՝ նշա­նակուած « Desaix » յա­ծանա­ւուն ցա­մաքա­հան­ման զօ­րախումբին մէջ: Անոր սպա­յական օրա­տետրն ու աւե­լի քան եր­կու հա­րիւր լու­սանկար­ներ պա­րու­նա­կող ալ­պո­մը, զորս ինք ան­ձամբ թուագ­րած ու մա­կագ­րած էր, հան­դի­սացած են ներ­կա­յացուած ու­սումնա­սիրու­թեան հիմ­քը:

Թուական­նե­րէն ու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէն ան­դին՝ դա­սա­խօ­սու­թիւնը կեդ­րո­նական տեղ յատ­կա­ցուց դէմ­քե­րուն, փոխադարձ վերա­բերումին եւ այն կա­պերուն, որոնք հիւ­սուած էին Մու­սա Լե­ռան հա­յերուն եւ ֆրան­սա­ցի ծովայիններուն մի­ջեւ: Ժան Գորտէլ ընդգծեց անոնց մի­ջեւ հաս­տա­տուած վստա­հու­թիւնը, որ կը բխէր բնաջնջման դէմ ընդվզու­մէն, զօ­րակ­ցութե­նէն եւ պարտականութեան գի­տակ­ցութե­նէն:

Պատ­մութիւ­նը տե­սանե­լի դարձնող ցու­ցա­հան­դէս մը

Հան­դի­պու­մին կ՚ըն­կե­րակ­ցէր շուրջ հա­րիւր վա­ւերա­թուղթե­րէ բաղ­կա­ցած ցու­ցա­հան­դէս մը՝ լուսանկար­ներ, քար­տէսներ, պաշ­տօ­նական ու անձնա­կան ար­խիւներ: Այս ցու­ցանմուշնե­րը հան­րութեան կա­րելիու­թիւնը ըն­ձե­ռեցին բա­նաւոր պա­տու­մը կա­պելու շօ­շափե­լի հետ­քե­րու, ճանչցուած վայ­րե­րու եւ նիւ­թա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու հետ:

Ձեռ­նարկը եզ­րա­փա­կուեցաւ գիր­քի վա­ճառ­քով ու մա­կագ­րու­թեամբ, որուն յա­ջոր­դեց բա­րեկա­մական հիւ­րա­սիրու­թիւն մը։ Մուտ­քը ազատ էր, իսկ դա­սախօ­սու­թիւնը կազ­մա­կեր­պուած էր Ֆրան­սա­յի Հայ Կա­թողի­կէ Սուրբ Խաչ Միու­թեան կող­մէ:

Փո­խան­ցել՝ չմոռ­նա­լու հա­մար

Հիւ­րընկա­լելով այս դա­սա­խօ­սու­թիւնը՝ Սուրբ Խաչ տա­ճարը վեր­յի­շեցուց յի­շատա­կի վայ­րե­րու ու­նե­ցած կա­րեւոր դե­րը հա­յոց պատ­մութեան փո­խանցման գործին մէջ: Մու­սա Լե­ռան դրուագը հոն ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ ոչ միայն իբ­րեւ պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն, այ­լեւ իբ­րեւ քա­ջու­թեան, դի­մադ­րութեան եւ հա­յերն ու ֆրան­սա­ցինե­րը մի­աւորող մարդկայ­նութեան փա­ռաւոր ժա­ռան­գութիւն մը:

Ժան Գորտէլ իր գիր­քին հա­մար ստա­ցած պար­գեւ­նե­րը ձօ­նեց Մու­սա Լե­ռան հա­յերուն եւ ֆրան­սա­ցի ծովայիններուն, ի շար­ս որոնց՝ «Ֆրան­սա­յի համար զոհուած» իր մեծ հօ­րը: Այս ըն­ծա­յա­կա­նը կը խտաց­նէր երե­կոյթին բուն նպա­տակա­կէտը. մե­ծարել թէ՛ փրկա­րար­նե­րը եւ թէ՛ փրկուած­նե­րը, ու անոնց պատ­մութիւ­նը աւան­դել յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն:

ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■