ԳԵՐՄԱՆԻԱ — Լրտեսութեան մեղադրանք ի նպաստ Ազերպայճանի

Հանինկ

Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավարը կը մեղադրուի Ազերպայճանի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով

Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Օկիւսթ Հանինկ, որ Երեքշաբթի օր ձերբակալուեցաւ լրտեսութեան եւ պետական դաւաճանութեան փորձի կասկածանքով, կը հետաքննուի ազերպայճանական հետախուզութեան հետ ենթադրեալ կապեր ունենալու մեղադրանքով. այս մասին կը հաղորդէ «Der Spiegel» օրաթերթը։

80-ամեայ Հանինկ 1998-2005 գլխաւորած է Գերմանիոյ Դաշնակցային գաղտնի սպասարկութիւնը (BND)։ Ըստ գերմանացի դաշնակցային դատախազներու՝ կասկած կայ, որ ան գաղտնի տեղեկութիւններ ձեռք բերած ու զանոնք հաղորդած է օտարերկրեայ գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարի մը։

Ըստ գերմանական օրաթերթին՝ քննիչները կ’ենթադրեն, որ յիշեալ օտարերկրեայ պաշտօնատարը ազերպայճանցի է։ Կ՚ըսուի, որ Հանինկ BND-ի գաղտնի փաստաթուղթեր ստացած է իր նախկին գործընկեր Մանֆրետ Տ.-էն եւ այդ տեղեկութիւնները օգտագործած է ազերպայճանցի պաշտօնատարին համար նախատեսուած գրաւոր վերլուծութիւն մը պատրաստելու նպատակով։ Թէ արդեօք այդ վերլուծութիւնը ի վերջոյ հասա՞ծ է իր հասցէատիրոջ, տակաւին կը մնայ հետաքննութեան առարկայ։

Հանինկ ծանօթ է նաեւ Ազերպայճանի հետ իր պահպանած կապերով։ Ան նախապէս եղած է Գերմանա-ազերպայճանական ֆորումի տնօրէններու խորհուրդի անդամ՝ կառոյց մը, որ կը զբաղի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացմամբ։ Այս կազմակերպութիւնը նախապէս ալ ուշադրութիւն գրաւած էր գերմանացի քաղաքական գործիչներու եւ Ազերպայճանի լոպիիստական ցանցին հետ ունեցած իր կապերուն պատճառով։ Գերմանացի շարք մը նախկին երեսփոխաններ ենթարկուած էին հետաքննութիւններու կամ դատական գործընթացներու՝ գումարի փոխարէն Եւրոպայի մէջ ազերպայճանական քաղաքական ազդեցութեան նպաստելու մեղադրանքներով։

Օրինակ՝ Պունտըսթակի նախկին երեսփոխաններ Էտուարտ Լինթներն ու Աքսէլ Ֆիշերը դատական հետապնդման ենթարկուած են կաշառակերութեան մեղադրանքով՝ Ազերպայճանէն կասկածելի գումարներ ստանալնուն պատճառով։ Իսկ նախկին երեսփոխան Քարին Սթրենց նախապէս դատապարտուած էր Եւրոպայի խորհուրդի կանոնները խախտելուն համար, քանի որ գաղտնի պահած էր Ազերպայճանի հետ իր ունեցած կապերը ու անկէ ձըռք բերած նիւթական շահերը։ 

Գերմանիոյ իշխանութիւնները Հոկտեմբեր 6-ին ձերբակալած են թէ՛ Հանինկը եւ թէ՛ Մանֆրետ Տ.-ն։ Դատախազները կը հետաքննեն Հանինկը՝ դաւաճանական լրտեսութեան, պետական գաղտնիքներ ձեռք բերելու, պետական դաւաճանութեան փորձի եւ օտարերկրեայ գաղտնի սպասարկութեան մը որպէս գործակալ ծառայելու կասկածանքով։

Թէեւ գերմանացի դաշնակցային դատախազները հրապարակայնօրէն չեն բացայայտած ներգրաւուած օտար պետութեան անունը, սակայն «Der Spiegel», յղում կատարելով քննիչներուն, կը հաղորդէ, որ կասկածեալ գաղտնի կապը ազերպայճանական եղած է։

Հանինկի փաստաբանը մերժած է հրապարակայնօրէն մեկնաբանել Ազերպայճանին վերաբերող այս մեղադրանքները։

*  * *

Այս զարգացումներուն արձագանգած է նաեւ տարածաշրջանին քաջածանօթ, իր հայանպաստ դիրքորոշումով ու ընկերային ցանցերու վրայ յանդուգն եւ արդարամիտ գրառումներով ծանօթ ամերիկացի լրագրող Լինցի Շնէլ։ «X»-ի իր հաշիւին ան գրած է.

«Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավարը կը լրտեսէր յօգուտ Ազերպայճանի։ Գերմանացի նախկին երեսփոխաններ նախապէս դատական հետապնդման ենթարկուած էին Ազերպայճանէն կաշառք ստանալնուն համար։ Ասոնք թշնամական արարքներ են։ Բայց ի՜նչ փոյթ, քանի որ, ըստ Մերցի եւ Ֆոն տեր Լայէնի, Ազերպայճան կը մնայ Գերմանիոյ վստահելի ուժանիւթային գործընկերը»։