Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեկնած է Թուրքմէնիստան

փաշ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 8-ին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Թուրքմէնիստան։

Հայաստանի կառավարութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն՝ վարչապետը Թուրքմէնպաշի քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդական նիստին։