Գագիկ Խաչատրեանէն առգրաւուած 70 կտաւները այսուհետեւ պիտի ցուցադրուին Ազգային պատկերասրահին մէջ
ՊԵԿ-ի (Պետական եկամուտներու կոմիտէ) նախկին նախագահ եւ Ելեւմուտի նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանէն առգրաւուած 70 գեղանկարները այսուհետեւ պիտի ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։
Քննչական կոմիտէն (ՔԿ) կը տեղեկացնէ, որ ցուցադրութեան տեղւոյն վրայ ծանօթացած են ՔԿ-ի նախագահ Արթուր Պօղոսեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ Գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան։

«Գերատեսչութիւններու ղեկավարները տեղւոյն վրայ ծանօթացած են քրէական վարոյթի ծիրէն ներս Գագիկ Խաչատրեանէն առգրաւուած կտաւներու ցուցադրութեան։ Այդ ստեղծագործութիւնները, քննչական գործողութիւններէ ետք, ի պահ յանձնուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին»,– նշուած է ՔԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Գագիկ Խաչատրեան նախապէս ձերբակալուած էր կաշառակերութեան, պաշտօնի չարաշահման եւ պետական հսկայածաւալ միջոցներու իւրացման մեղադրանքներով։ Ներկայիս Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ դատական ընդարձակ գործընթացներ կը տարուին՝ յօգուտ պետութեան բռնագրաւելու համար անոր եւ իր ընտանիքի անդամներուն կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած հսկայական ունեցուածքը, բազմաթիւ անշարժ գոյքերն ու միլիոնաւոր տոլարներու հասնող դրամական միջոցները։
