Շոյկուի տեղակալը Հայաստանի ԱԲ-ի գործատան մէջ կը տեսնէ արեւմտեան հետախուզութեան վտանգ

ԱԲ գործատուն

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցով մեկնաբանելով Օգոստոսի սկիզբը Հրազդանի մէջ «Firebird» ընկերութեան Արհեստական բանականութեան գործատան բացումը՝ զգուշացուցած է, որ ան կրնայ օգտագործուիլ «Ռուսաստանի, Իրանի եւ այլ պետութիւններու դէմ՝ յօգուտ արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններու»։

Ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ ան լրագրողներուն ըսած է, որ  “այսպիսի կեդրոններ կրնան ի սպաս դրուիլ արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններու վերլուծական եւ հետախուզական աշխատանքներուն՝ յատկապէս Իրանի, Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններուն դէմ”։

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի տեղակալը պնդած է. “Նկատի ունենալով, որ «Firebird» ընկերութիւնը կ՚ենթարկուի ամերիկեան օրէնսդրութեան, Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւններուն համար հասանելի կրնան դառնալ անոր սպասարկուներուն (servers) վրայ մշակուող բոլոր տուեալները”։ Ան եզրակացուցած է. “Ասիկա կը նշանակէ, որ հայաստանեան պետական հաստատութիւններու, ընկերութիւններու եւ քաղաքացիներու տուեալները հասանելի կ՚ըլլան Միացեալ Նահանգներուն՝ առանց հայկական իշխանութիւններու համաձայնութեան”։

Ռուս պաշտօնատարը նաեւ յայտարարած է, թէ այս կեդրոնի հզօրութեան մեծացումը ելեկտրականութեան տագնապի սպառնալիք կը ստեղծէ։ Երեւանէն տակաւին ոչ մէկ մեկնաբանութիւն հնչած է այս պնդումներուն վերաբերեալ։

Նշենք, որ ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան պակասի վերաբերեալ մտավախութիւններուն, Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեան վստահեցուցած էր, որ Հայաստանի մէջ արտադրուող ելեկտրականութիւնը լիովին բաւարար պիտի ըլլայ գործատան կարիքները ապահովելու համար։

*  *  *

«ՆՅ» – Շեւ­ցո­վի խօս­քե­րը կրնան, բնա­կանա­բար, ան­կեղծ մտա­հոգու­թեան մը ար­տա­յայ­տութիւ­նը ըլ­լալ։ Բայց նկա­տի ու­նե­նալով նման հար­ցե­րու մէջ ռու­սա­կան կող­մին սո­վորա­բար ան­թա­փան­ցիկ կե­ցուած­քը՝ պարզ կը դառ­նայ, որ այս յայ­տա­րարու­թիւնը կա­տարո­ւած է Հա­յաս­տա­նի դէմ վեր­ջերս Ռու­սաստա­նի սան­ձա­զեր­ծած ար­շա­ւին մէջ նոր ճա­կատ մը բա­նալու մի­տու­մով։ Ելեկտրա­կանու­թեան պա­կասի շուրջ անոր հնչե­ցու­ցած «մտա­հոգու­թիւններն» ալ կու գան ջուր կրե­լու այս կաս­կածնե­րու ջա­ղաց­քին. քա­նի որ այդ հար­ցը որե­ւէ աղերս չու­նի Ռու­սաստա­նի անվտան­գութեան հետ, այլ պարզապէս նման անդրադարձ կը հե­տապնդէ այս նո­րաբաց կեդ­րոնով սկսած ծրագիրը նսեմացնելու, ստուերելու նպատակը։