Առաջին անգամ ըլլալով հայազգի փորձագէտ մը պիտի պաշտօնավարէ ՄԱԿ-ի՝ Հաշմանդամներու իրաւունքներու կոմիտէին մէջ

ՄԱԿ

Մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ քաղաքականութեան փորձագէտ Մուշեղ Յովսէփեան ընտրուած է ՄԱԿ-ի՝ Հաշմանդամներու իրաւունքներու կոմիտէի անդամ՝ 2027-2030 ժամանակաշրջանին համար։ Առաջին անգամն է, որ հայ մը կը նշանակուի երկիրներու կողմէ հաշմանդամներու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութիւնները վերահսկող այս միջազգային մարմինին մէջ։

Սկսեալ 2027-էն՝ Յովսէփեան եւ կոմիտէի միւս անդամները պիտի վերլուծեն տարբեր պետութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան զեկոյցները, պիտի լսեն կառավարութիւններու ներկայացուցիչները եւ թելադրանքներ պիտի մշակեն պետութիւններուն համար։ Կոմիտէն նաեւ իրաւասութիւն ունի քննելու անհատական գանգատներ (նման Եւրոպական ատեանի ընթացակարգին) եւ մշակելու Հաշմանդամներու իրաւունքներու համաձայնագրի յօդուածներու պաշտօնական մեկնաբանութիւններ՝ նկատի ունենալով աշխարհի մէջ տիրող քաղաքական եւ մշակութային խիստ տարբեր իրավիճակները։

Շահերու բախումէ խուսափելու բարոյագիտական կանոնին համաձայն՝ կոմիտէի անդամները իրաւունք չունին մասնակցելու իրենց սեփական երկիրներուն վերաբերող քննարկումներուն կամ որոշումներուն։

Ըստ Յովսէփեանի, ներկայիս համաշխարհային մակարդակով նահանջ կ՚արձանագրուի հաշմանդամներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզէն ներս՝ մասամբ պայմանաւորուած զինեալ հակամարտութիւններով եւ կլիմայական փոփոխութիւններով։ Այսուհանդերձ, անոր ընտրութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Հայաստանի տեսանելիութեան բարձրացման՝ հաշմանդամներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային հարթակներուն վրայ։