«Ուրարտու» ֆութպոլի ակումբը Երեւանի մէջ 10 հազար հանդիսականի համար նոր մարզադաշտ պիտի կառուցէ

Մարզադաշտ

Երեւանի «Ուրարտու» ֆութպոլի ակումբը ներկայացուցած է իր ապագայ մարզադաշտին ճարտարապետական հայեցակարգը։ Նոր մարզադաշտը պիտի կառուցուի մայրաքաղաքի Շէնգաւիթ թաղամասին մէջ՝ Երեւանեան լիճին եւ Հրազդան գետին մօտ գտնուող «Նայիրի» մարզադաշտին տեղը։

10 հազար հանդիսականի համար նախատեսուած նոր կառոյցը պիտի փոխարինէ 1960-ին կառուցուած ներկայ մարզադաշտը, որ շուրջ 6850 տեղ ունի։ Ծրագիրը կը նախատեսէ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան մարզական համալիր մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել նաեւ միջազգային ֆութպոլի մրցումներ։

Նոյեմբեր 5-ին «Նայիրի» մանկապատանեկան մարզադպրոցին եւ «Global Project» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է մարզադաշտի նախագծման պայմանագիրը։

Ներկայիս կը մշակուի նախնական ճարտարապետական յատակագիծը, որ այնուհետեւ պիտի ներկայացուի համապատասխան մարմիններուն՝ անհրաժեշտ արտօնութիւնները ստանալու համար։

Նախագծման աշխատանքներուն համար ինը ամիս նախատեսուած է։ Շինարարութեան սկսելու եւ մարզադաշտին բացման թուականները տակաւին չեն յայտարարուած։