Կ՚ոգեկոչուի Հրանդ Տինքի սպանութեան 19-րդ տարելիցը
Ժամանակը որքա՜ն արագ կը սահի։ Արդէն 19 տարի անցած է չարաբաստիկ այն օրէն երբ յետադէմ մտայնութեան ամբողջ համակարգ մը ատրճանակ մը ու փամփուշտներ դնելով դեռատիի մը ձեռքերուն մէջ, փորձեց վերջ դնել զինք անհանգստացնող խօսոյթին, լռեցնելով անոր ձայն տուողը։
Եղերաբախտ լրագրողին սպանութեան 19-րդ տարելիցին առթիւ՝ անոր հիմնած «Ակօս» թերթը Յունուար 19-ին կը գրէ.
«Մեր ցաւը տակաւին չէ մեղմացած, արդարութիւնը չէ հաստատուած
Այսօր՝ ժամը 14.30-ին, «Սեպաթ» շէնքին առջեւ՝ ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր գնդակահարուեցաւ, պիտի ոգեկոչենք յիշատակը մեր թերթի հիմնադիր եւ ընդհանուր խմբագիր Հրանդ Տինքին, որ սպանուեցաւ 2007 Յունուար 19-ին։ Արդէն 19 տարի անցած է այն օրէն, երբ Հրանդը խլեցին մեզմէ։
Արդարութեան մեր փնտռտուքը կը շարունակուի, որովհետեւ ոճիրին ետին գտնուող վարագոյրը, հակառակ բոլոր ջանքերուն, չբացուեցաւ, «զա՛րկ» հրամայողները ի յայտ չհանուեցան, Տինք ընտանիքի փաստաբաններուն եւ արդարութիւն պահանջողներուն պահանջները չկատարուեցան։
Ոչ միայն այս բոլորը չկատարուեցան, այլեւ դատավարութիւնը դիտումնաւոր ձգձգուեցաւ, որպէսզի դատուելու ենթակայ բազմաթիւ դերակատարներ օգտուին «վաղեմութեան պայմանաժամ»-էն. անոնք ազատ շարունակեցին իրենց կեանքը, իսկ Հրանդը թիրախի վերածածներէն ոչ ոքի դպչան։
Սակայն Հրանդ Տինքի խօսքը չմահացաւ իր հետ։ Ընդհակառակն, ան տարիներու ընթացքին ծաղկեցաւ ու կը ծաղկի։ Անոնք, որոնք ծնած էին անոր սպանութեան ժամանակ, Հրանդին ծանօթանալով՝ կը բանան աշխարհի մը դուռը, որուն վրայ գրուած է «խաղաղութիւն, առերեսում»։ Սա սփոփանք մըն է, սակայն մեր ցաւը տակաւին չէ մեղմացած, արդարութիւնը չէ հաստատուած»։
