Հաստատուեցաւ TRIPP-ի վերաբերեալ  միացեալ յայտարարութիւնը

Հայաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան, Յու­նուար 13-14-ին Ուա­շինկթըն կա­տարած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ու իր պաշ­տօ­նակից Մար­քօ Ռու­պիոյի հետ։

Հան­դիպման ըն­թացքին կող­մե­րը հաս­տա­տեցին «Թրամ­փի ու­ղի՝ յա­նուն մի­ջազ­գա­յին խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման» (TRIPP) ծրագ­րի իրա­գոր­ծան շրջա­նակին վե­րաբե­րեալ Հա­յաս­տան-ԱՄՆ միացեալ յայ­տա­րարու­թիւնը։

ԱՄՆ-ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը յայ­տա­րարեց, որ TRIPP ծրա­գիրը որե­ւէ ձե­ւով չի խախ­տեր Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թիւնը։ “Այս հա­մաձայ­նա­գիրը Հա­յաս­տա­նը լայ­նօ­րէն կը բա­նայ գոր­ծա­րարու­թեան առ­ջեւ՝ թոյլ տա­լով երկրին տնտե­սապէս բար­գա­ւաճիլ։ Մենք կը կար­ծենք, որ TRIPP-ը պի­տի դառ­նայ օրի­նակե­լի բնօ­րինակ ամ­բողջ աշ­խարհի հա­մար”,– նշեց Ռու­պիօ։

Նա­խարար Միր­զո­յեան եւ Ռու­պիօ գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգծե­ցին երկկողմ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան աշ­խուժ ըն­թացքը եւ քննար­կե­ցին 2025 Օգոս­տո­սին Ուա­շինկթը­նի խա­ղաղու­թեան վե­հաժո­ղովին ձեռք բե­րուած հա­մաձայ­նութիւննե­րուն գոր­ծադրման ըն­թացքը։

Յի­շեց­նենք, որ նախ­քան այս հան­դի­պու­մը, ամե­րիկեան պա­տուի­րակու­թիւնը Յու­նուար12-ին Պա­քուի մէջ եւս քննար­կած էր «Թրամ­փի ու­ղի»-ի գոր­ծադրու­թեան առնչուող հարցեր։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Փաս­տա­թուղթը պաշ­տօ­նապէս կը հաս­տա­տէ, որ Երե­ւանը ԱՄՆ-ու կա­ռավա­րու­թեան վե­րահսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող յա­տուկ ըն­կե­րու­թեան եր­կա­րաժամ­կէտ բա­ցառիկ իրա­ւունքներ պի­տի տրա­մադ­րէ եր­թուղիին նկատ­մամբ, որ Սիւ­նի­քի մար­զէն անցնե­լով պի­տի կա­պէ Ազեր­պայճա­նը Նա­խիջե­ւանի հետ։ Հա­մաձայ­նագրին հիմ­քը 2025 Օգոս­տո­սին Սպի­տակ տան մէջ ձեռք բե­րուած հա­մաձայ­նութիւններն են։

Ռու­պիոյի եւ Միր­զո­յեանի բա­նակ­ցութիւննե­րէն ետք հրա­պարա­կուած TRIPP-ի «իրա­կանաց­ման շրջա­նակ»-ին հա­մաձայն՝ հայ-ամե­րիկեան միացեալ ըն­կե­րու­թիւնը պի­տի կա­ռու­ցէ եր­կա­թու­ղի, ինքնա­շար­ժի մայ­րուղի, ու­ժա­նիւ­թի մա­տակա­րար­ման գի­ծեր եւ այլ են­թա­կառոյցներ տա­րան­ցիկ մի­ջանցքի եր­կայնքին, ինչպէս նաեւ առ­նո­ւազն 49 տա­րի պի­տի կա­ռավա­րէ զա­նոնք եւ պի­տի գան­ձէ անոնցմէ ստա­ցուող եկա­մուտնե­րը։

«Հա­յաս­տան մտա­դիր է ԱՄՆ-ին առա­ջար­կել TRIPP զար­գացման ըն­կե­րու­թեան 74 առ հա­րիւր բաժ­նե­մասը եւ իրեն պա­հել 26 առ հա­րիւ­րը»,– նշո­ւած է ութ էջ­նոց փաս­տա­թուղթին մէջ։ «Կը սպա­սուի, որ այս հա­մաձայ­նութիւ­նը եր­կա­րաձ­գո­ւի 50 տա­րի եւս՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան յա­ւելեալ բաժ­նե­մաս տրա­մադ­րե­լով, որ­մէ ետք անոր մաս­նա­բաժի­նը պի­տի հաս­նի 49 առ հա­րիւ­րի»։

Փաս­տա­թուղթը կ՚ընդգծէ, որ Հա­յաս­տան պի­տի ու­նե­նայ լիակա­տար «իրա­ւասու­թիւն սահ­մա­նային վե­րահսկո­ղու­թեան եւ մաք­սա­յին գոր­ծա­ռոյթնե­րու նկատ­մամբ՝ TRIPP-ով իրա­կանա­ցուող առեւ­տուրի եւ տա­րանցման շրջա­նակէն ներս»։

«Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թիւնն ու իրա­ւազօ­րու­թիւնը սահ­մա­նային եւ մաք­սա­յին գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու նկատ­մամբ բա­ցար­ձակ են եւ անքննե­լի»,– նշո­ւած է յայ­տա­րարու­թեան մէջ։

Նման հա­ւաս­տումներ տո­ւած է նաեւ Ռու­պիօ, երբ Միր­զո­յեանը Պե­տական քար­տուղա­րու­թեան (Ար­տա­քին նա­խարա­րու­թիւն) մէջ ըն­դունե­լէ ան­մի­ջապէս ետք կարճ մեկ­նա­բանու­թիւն տո­ւած է լրագ­րողնե­րուն։

“Մէկ կող­մէ [TRIPP-ը] կը բա­նայ Հա­յաս­տա­նը գոր­ծա­րարու­թեան առ­ջեւ եւ թոյլ կու տայ անոր տնտե­սապէս բար­գա­ւաճիլ, բայց այդ մէ­կը կը կա­տարո­ւի այնպէս, որ որե­ւէ կերպ չի խախ­տեր Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թիւնը”,– ըսած է Ռու­պիօ։ “Հոս ինքնիշ­խա­նու­թեան խնդիր չկայ, ծրա­գիրը լիովին կը յար­գէ զայն”։

Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշո­ւի, որ TRIPP զար­գացման ըն­կե­րու­թիւնը մաս­նա­ւոր գոր­ծարկու­ներ (operators) պի­տի վար­ձէ, որոնք պի­տի մա­տու­ցեն «յա­ճախորդնե­րու հետ առե­րես ծա­ռայու­թիւններ», ի շարս որոնց՝ «փաս­տա­թուղթե­րու նախ­նա­կան հա­ւաքագրման ստու­գում», ինչպէս նաեւ պի­տի գան­ձեն տա­րանցման վճար­ներ բեռ­նե­րու եւ ու­ղե­ւոր­նե­րու հա­մար։ Միեւ­նոյն ժա­մանակ հայ պաշ­տօ­նեանե­րը պար­տա­ւոր են «ֆի­զիքա­կան ներ­կա­յու­թիւն պահ­պա­նելու Հա­յաս­տա­նի բո­լոր սահ­մա­նային եւ մաք­սա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րուն մէջ», ըն­դունիլ «մաք­սա­յին վերջնա­կան որո­շումներ եւ ձե­ւակեր­պումներ» եւ իրա­կանաց­նել «գաղ­թի վե­րահսկո­ղու­թիւն»։

Միացեալ յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշո­ւի նաեւ «փաս­տա­թուղթե­րու ելեկտրո­նային ներ­կա­յաց­ման եւ մշակ­ման» մա­սին եւ կոչ կ՚ուղղո­ւի կի­րար­կե­լու «տար­բե­րակո­ւած գոր­ծընթաց­ներ մար­դոց, փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու եւ բեռ­նե­րու հա­մար, նե­րառեալ՝ Ազեր­պայճա­նի եւ Նա­խիջե­ւանի միջեւ»։