Ամերիկայի Հայկական համագումարը կը դատապարտէ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ հայ համայնքին դէմ ուղղուած թիրախային յարձակումները

Օզ

Նամակ՝ կառավարիչ Օզին

Ամերիկայի Հայկական Համագումարը միանշանակ կերպով կը դատապարտէ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ հայ համայնքին դէմ թիրախաւորուած յարձակումները։ «Մետիքեյր» եւ «Մետիքէյտ» ծառայութիւններու կեդրոններու (CMS) կառավարիչ տոքթ. Մեհմեթ Օզին (թրքական բուն մականունով՝ Էօզ) յղուած իրենց նամակին մէջ, համանախագահներ Թալին Եագուպեան եւ Օսքար Թաթոսեան կտրականապէս մերժած են վերջին յայտարարութիւնները, որոնք ընտրողաբար կը թիրախաւորեն ամերիկահայերը։

Յունուար 28 թուակիր նամակին մէջ, Համագումարը ընդունած է վարչակազմին պատասխանատւութիւնը՝ պայքարելու վատնումի, խարդախութեան եւ չարաշահումներու դէմ, միաժամանակ ընդգծելով, թէ նման ջանքեր պէտք չէ հիմնուին ցեղապաշտութեան եւ անարդար կարծրատիպերու վրայ։

Համագումարը նշած է, թէ տոքթ. Օզի վերջին յայտարարութիւնները, ուր յղում կը կատարուի «հայկական հրոսակախումբեր»-ու (gangs) եւ «մաֆիա»-ի, «խորապէս մտահոգիչ» են եւ «ծանր անարդարութիւն կը գործեն ամերիկահայերուն հանդէպ, որոնք հպարտութեամբ եւ ակնառու կերպով ծառայած են այս երկրին ու իրենց համայնքներուն»՝ զինուորական ծառայութենէն մինչեւ հանրային պաշտօններ, եւ գործարարութենէն մինչեւ մարդասիրութիւն։

«Թող յստակ ըլլայ. ոչ ոք կը հանդուրժէ խարդախութիւնը կամ որեւէ տեսակի յանցաւոր վարքագիծ»,– նշուած է նամակին մէջ։ «Բայց մենք չենք կրնար ընդունիլ նաեւ ամերիկահայերու որակումը իբրեւ ենթադրեալ յանցագործներ՝ հիմնուելով ազգային պատկանելիութեան վրայ։ Մենք կտրականապէս կը մերժենք ցեղապաշտութեան եւ կարծրատիպերու այս տեսակը եւ կը յորդորենք վերատեսութեան ենթարկել այս վիրաւորական եւ պառակտիչ յայտարարութիւնները»։