Երեւան եւ Պաքու համաձայնած են Ազերպայճանի տարածքով հեղուկ կազի եւ կուպրի երկաթուղային փոխադրութեան մասին

Պապոյեան

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ Ազերպայճանի տարածքով հեղուկ կազի եւ կուպրի երկաթուղային փոխադրութեան վերաբերեալ։

Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ Դիմագիրքի իր էջին վրայ կատարած գրառումով մը։

«Մեր գործարարները արդէն կրնան օգտուիլ այդ կարելիութենէն եւս»,– ընդգծած է նախարարը։