Արարատ Միրզոյեանի ելոյթը ԵԽԽՎ-ի մէջ կեդրոնացած է ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան վրայ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Յունուար 28-ին ելոյթ ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին։ Նախարարին ելոյթը կեդրոնացած էր Հայաստանի ժողովրդավարական ձեռքբերումներուն եւ առկայ սպառնալիքներուն վրայ, ինչ որ ներքին ճակատի վրայ արժանացած է ընդդիմութեան սուր քննադատութեան։
«Ազատութեան թշնամիները» եւ խառնաձեւ սպառնալիքներ
Իր խօսքին մէջ նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստան միամիտ չէ ժամանակակից աշխարհի իրականութեան նկատմամբ։ Ան նշած է, որ «ազատութեան թշնամիները» քնացած չեն եւ պատրաստ են միլիոնաւոր տոլարներ ներդնելու քարոզչական մեքենաներու մէջ՝ խաթարելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։ «Անոնք կը ցանկան մեզ վերադարձնել դէպի ինքնակալութեան, դրացիներու հետ անվերջ հակամարտութեան եւ թոյլ ինքնիշխանութեան խաւարը»,– յայտարարած է Միրզոյեան։
Պատասխանելով Ռումանիոյ պատուիրակին՝ Յունիսին սպասուող ընտրութիւններուն ընդառաջ հաւանական ճնշումներու մասին, նախարարը կանխատեսած է, որ խառնաձեւ (հիպրիտային) յարձակումները պիտի սաստկանան, սակայն վստահեցուցած, որ Հայաստան տիրացած է «դիմադրողականութեան» եւ պիտի օգտագործէ ժողովրդավարական գործիքակազմը՝ պաշտպանուելու համար։ Ան կոչ ըրած է Եւրոպայի Խորհուրդին՝ կանգնելու Հայաստանի ժողովրդավարութեան կողքին։
Անդրադարձ 2018-ի յեղափոխութեան
Միրզոյեան յիշեցուցած է 2018-ի իրադարձութիւնները՝ զայն որակելով որպէս շրջադարձային կէտ, երբ ժողովուրդը մերժեց կաշառակերութիւնն ու սակաւապետութիւնը։ Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ կրնայ ընտրել իր ճակատագիրը եւ արժանի է աւելիին՝ արդար ընտրութիւններու, թափանցիկ կառավարման եւ ընկերային արդարութեան։ Նախարարը վկայակոչած է միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու (Freedom House, Transparency International) զեկոյցները, որոնք կ՚արձանագրեն Հայաստանի յառաջընթացը։
Ընդդիմութեան արձագանգը՝ «Խայտառակութիւն»
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արթուր Խաչատրեան խստիւ քննադատած է Միրզոյեանի ելոյթը՝ զայն որակելով «խայտառակութիւն»։ Խաչատրեան վրդովում յայտնած է, որ նախարարը խօսելով «ազատութեան թշնամիներու խռովարար գրգռութիւններուն» եւ «դրացիներու հետ անվերջ հակամարտութեան» մասին, փաստացի մաքրագործած է Ազերպայճանը, նոյնիսկ անցեալին Թուրքիոյ գործած ոճիրները։
Ըստ երեսփոխանին՝ Միրզոյեանի ձեւակերպումներէն կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, որ ոչ թէ Ազերպայճանն է հայաթափած Նախիջեւանն ու Արցախը, կազմակերպած՝ ջարդերն ու շրջափակումը, այլ անորոշ «ազատութեան թշնամիներ»։ Խաչատրեան հեգնանքով նշած է. «Կը ստացուի, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնները շատ լաւ են… այդ ամէնը ըրած են ազատութեան թշնամիները»։
