Անցագրերու տրամադրումը ժամանակաւորապէս կը դադրի

Armenian_Passport_2026_(Sample)

Հոկտեմբեր 5-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնեն անցագրերու (passeports) տրամադրման եւ նորոգման ծառայութիւնները։ Առկախումը պիտի վերաբերի նաեւ տեսակապով կատարուող դիմումներուն։

Այս ժամանակաւոր դադարի պատճառն է ինքնութեան կենսաչափական (biométrique) փաստաթուղթերու նոր դրութեան գործադրութիւնը, որ նախատեսուած է Մայիս 11-ին ընդունուած օրէնքով։ Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները առայժմ չեն յայտնած, թէ ծառայութիւնները ե՞րբ պիտի վերսկսին։

Իշխանութիւններուն համաձայն՝ անցումային այս շրջանը պիտի ծառայէ հիւպատոսական սպասարկումները արդիականացնելու։ Նոր դրութեան գործարկումէն ետք հիւպատոսարանները պիտի կարենան ընդունիլ ոչ միայն անցագրի, այլեւ Հայաստանի ինքնութեան քարտերու՝ անձնաթուղթերու դիմումներ, ինչ որ ցայժմ կարելի չէր արտասահմանի հիւպատոսարաններուն միջոցաւ։

Արտասահման բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն, որոնք մօտ օրէն կը նախատեսեն նորոգել իրենց անցագիրը, կը յանձնարարուի հետեւիլ համապատասխան դեսպանատան կամ հիւպատոսարանին յայտարարութիւններուն՝ ծառայութեան վերսկսման թուականին տեղեկանալու համար։