ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – «Վստահ ենք՝ Հայաստան կը հասկնայ, որ Պրիւսէլի եւ Ուաշինկթընի ենթադրեալ բարի տրամադրութիւններուն ետին թաքնուած են մութ հաշիւներ»

Մոսկուա

«Վստահ ենք, որ Հարաւային Կովկասի երկիրները, ներառեալ՝ Հայաստանը, կը հասկնան, որ Պրիւսէլի եւ Ուաշինկթընի ենթադրեալ բարի տրամադրութիւններուն ետին թաքնուած են մութ հաշիւներ»,– յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Անոնց համար այս տարածաշրջանը,– որուն հետ Ռուսաստան պատմականօրէն եւ անբաժանելիօրէն կապուած է,– այլ բան չէ, եթէ ոչ ենթադրեալ փխրուն կէտ, ուր անոնք կրնան փորձել վնասել մեր երկրին»,– նշած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Անցեալ շաբաթավերջին ալ նոյն նախարարութենէն յայտարարած էին, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի արագացուած մերձեցումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ թէ՛ Ռուսաստանի հետ անոր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, եւ թէ՛ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու զարգացման համար։