Փաշինեան հաւանութիւն չէ տուած LGBT-ի շքերթին
Screenshot
Այդ մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան
Լրատուական դաշտին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուող այն պնդումները, թէ իբր վարչապետ Փաշինեան հաւանութիւն տուած է Ապրիլ 7-ին Երեւանի մէջ LGBT համայնքի շքերթի կայացման, չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին վարչապետին մամլոյ քարտուղարը՝ Նազելի Բաղդասարեան գրած է Դիմագիրքի իր էջին վրայ։
«Շրջող նիւթը կը կրէ օտար տեղեկատուական ձեռնածութեան (մանիպուլացիա) (FIMI) բնորոշ յատկանիշեր եւ կը հանդիսանայ խառնաձեւ (հիպրիտային) ազդեցութեան արշաւներու բաղադրիչ։ Հրապարակման հեղինակ Օքայ Տեփրեմ նախապէս եւս բազմիցս տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններու վերաբերեալ ոչ-հաւաստի եւ ձեռնածական տեղեկատւութիւն, ինչ որ արձանագրուած է թէ՛ հայկական, թէ՛ ալ միջազգային փորձագիտական շրջանակներու կողմէ։
Նման հրապարակումներու նպատակը հանրային բեւեռացումն է եւ պետական հաստատութիւններու նկատմամբ վստահութեան տկարացումը՝ ընտրական գործընթացներուն ընդառաջ»,– գրած է վարչապետին մամլոյ քարտուղարը։
